Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հայկակա՛ն Ոսպնեակը Բանեցնելով

June 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Վակներ» ստորաբաժանման դիմած ապստամբական գործողութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ: Արագ բռնկման եւ նոյնքան հանգուցալուծման պատճառները տակաւին պարզ չեն:

Քաղաքական հետեւանքներ կ՛արձանագրուին անպայման: Անվտանգային մարզի կարեւորագոյն պաշտօնատարներու փոփոխութիւնները չեն բացառուած, հակառակ անոր որ պաշտօնական յայտարարութիւններով կը հաստատուի, որ անվստահութեան հարց գոյութիւն չունի սկսելու համար պաշտպանութեան նախարարին նկատմամբ որուն դէմ էր ուղղուած հիմնականին մէջ Վակների ապստամբութիւնը:

Ստորաբաժանումները վերադարձած են իրենց ճամբարները: Խնդիրը, աւելի ճիշդը` նման գործողութիւններու դիմելու ենթահողը չէ չէզոքացուած սակայն: Մոսկուան առաջադրանք ունի վնասազերծելու  ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու յատուկ առաջադրանք ունեցող նման ստորաբաժանումները:

Ռուսիան ուրեմն, ընդհանրապէս թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ պատերազմը շարունակելու, թէ՛ ներքին առումով նման հաւանական ապստամբութիւններ կանխարգիլելու յատուկ ռազմաքաղաքականութիւն իրականացնելու հրամայականին առջեւ կանգնած է:

Այս բոլորին մէջ պէտք է շատ ճշգրիտ աշխատցնել հայկական ոսպնեակը: Ռուսիոյ թուլացումէն մեր պարագային առաջինը կ՛օգտուի Ազրպէյճանը: Ո՛չ Ուաշինկթընի բարձրացուցած միջազգային երաշխիքներու տեսութիւնը, ո՛չ եւրոպական բարձրագոյն ատեաններէն հնչած Ազրպէյճանը դատապարտող կոչերը, ո՛չ ալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները  կրնան պաշտպանել Արցախի ժողովուրդը, որ Հակարիի կամուրջի շախաղուած փակումով ամբողջովին շրջափակուած է:

Ռուսիոյ ներքին անկայունութեան իրավիճակով  գերխանդավառուող շրջանակները հայկական ոսպնեակով իրադարձութիւնները դիտարկելու պարագային կը համոզուին, որ նման պայմաններու մէջ ռուսական դիրքերու տկարացումը տարածաշրջանին մէջ կը բարձրացնեն Ազրպէյճանի` առիթէն օգտուելու կարելիութիւններու աստիճանաչափը:

Թուրքիոյ նախագահը առաջինն էր, որ իր ռուս գործընկերոջ ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէր: Զօրակցելու երեւոյթը կը յիշեցնէր շրջուած ձեւով ռուսական զօրակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ փորձուած զինուորական յեղաշրջման առիթով:

Այս անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը աննկատ չ՛անցնիր Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին կողմէ: Անոնք բաւարարուեցան ընդգծելով, որ արտաքին միջամտութիւն, խրախուսանք կամ մասնակցութիւն գոյութիւն չունի Ռուսիոյ մէջ կատարուածին առումով:

Հայկական ոսպնեակով ուրեմն, որքան ալ պարզ դառնայ ռուս-թրքական դաշինքի հաստատման միտումը, այդուհանդերձ նոյնքան յստակ է, որ Արցախի պաշտպանական գիծը այսօր ռուս խաղաղապահներն են: Այդ պաշտպանական գիծի վերացումը առանց որեւէ այլ երաշխիքի յստակացման ցեղային զտումի օրակարգը կ՛առարկայացնէ:

Այդ պաշտպանական գիծի առկայութեամբ հանդերձ Արցախը այսօր ամբողջական շրջափակման տակ յայտնուած ըլլալով, ենթակայ է ցեղային զտումի:

Այս հանգամանքներէն մեկնած առաջնային օրակարգը Արցախը ապաշրջափակելն է: Պաշտօնական Մոսկուայի վերջին յայտարարութեան մէջ կար հասցէականութիւն եւ ակնկալութիւն Ազրպէյճանէն` վերացնելու շրջափակումը:

«Վակներ»-ի ստորաբաժանումները վերադարձած են իրենց ճամբարները: Ցնցուած է սակայն Ռուսիոյ կայունութիւնը, արտաքին պատերազմին վրայ աւելցնելով ներքին մարտահրաւէր մը: Իրադարձութիւնները գերարագ են: Համապատասխան կշռոյթով պէտք է դիտարկում կատարէ հայկական ոսպնեակը` արագ դատումներ չընելու եւ անհիմն դիրքորոշումներ չարձանագրելու համար, որոնք կրնան ճակատագրորոշ հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին եւ մեզի համար:

«Ա.»

Նախորդը

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ ԵԽԽՎ-ի Բանաձեւը

Յաջորդը

Հայրենիքի Փրկութիւնը Անյետաձգելի Է – Ա. Ահաւոր Փոթորիներու Ենթապատկերին Առջեւ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.