Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-էն 25 յունիսին 15 հիւանդներ` 9 ուղեկցողներու հետ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի գրասենեակի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ, տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը` աւելցնելով, որ այս հոլովոյթը վերսկսած է տասնօրեայ լիակատար փակումէն ետք:
«Տակաւին բազմաթիւ հիւանդներ կը սպասեն Հայաստանի Հանրապետութիւն իրենց տեղափոխման եւ Արցախ վերադարձին:
«Կը նախատեսուի օրուան ընթացքին Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 16 հիւանդներ (ուղեկցողներու հետ միասին), որոնք պետական պատուէրի ծիրին մէջ ժամանակին ուղեգրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բուժում ստանալու համար, ինչպէս նաեւ Արցախ տեղափոխել հրատապ անհրաժեշտութեան դեղորայք եւ բժշկական պարագաներ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ աղբիւրին, ներկայիս «Արեւիկ» բժշկական միաւորին մէջ 4 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, իսկ «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-ի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ կը գտնուին 8 հիւանդներ, որոնցմէ 3-ը` ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:


