Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Լը Տըրիանի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ Լը Տըրիանի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` պայմանաւորուելով խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Լիբանան կատարած իր այցելութեան աւարտին Լը Տըրիանի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իր առաջին այցելութեան ընթացքին ան փափաքեցաւ լսել լիբանանեան քաղաքական ուժերը:
«Այդ պատճառով ալ Լը Տըրիան հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքացիական, հոգեւոր եւ զինուորական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Լը Տըրիան յայտնեց, որ ինք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնին պիտի ներկայացնէ տեղեկագիր մը` Ֆրանսա վերադառնալէն անմիջապէս ետք, եւ աւելցուց, որ մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան, որովհետեւ ժամանակը ի նպաստ Լիբանանին չէ:
Պիտի ջանամ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութեան կայացումը դիւրացնել, որպէսզի կարենամ յանգիլ այնպիսի լուծումի, որ միաժամանակ ըլլայ համախոհական եւ գործող` Լիբանանը դուրս բերելու համար սահմանադրական հաստատութիւններու դատարկութեան փուլէն, ինչպէս նաեւ կատարելու անհրաժեշտ բարեկարգումները` Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու համար: Այս բոլորը պիտի կատարուին Լիբանանի հիմնական գործընկերներ նկատուող երկիրներուն հետ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն մեկնաբանութիւնները, թէ Լը Տըրիան փակած է ֆրանսական նախաձեռնութեան էջը:
Պըրրի հաստատեց, որ Լը Տըրիան ոչ մէկ արտայայտութիւն ունեցած է Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը շրջանցած ըլլալու առումով:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Լը Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ինք բացատրած է այն պատճառները, որոնք կը մղեն, որ ինք եւ Հըզպալլա կառչած մնան անոր թեկնածութեան:
«Այդ պատճառներէն են այն, որ Ֆրենժիէ անկեղծ է, հաւատարիմ եւ իր խօսքին յանձնառու», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է մասնակցելու խորհրդարանին մէջ հրաւիրուելիք որեւէ երկխօսութեան` գործուղելով Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխաններէն մէկը:
Պըրրի շեշտեց, որ այն վերլուծումները, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛արգելակեն Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, անճիշդ են` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են գործակցելու նորընտիր նախագահին հետ, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան:


