Շաբաթ առտու ռուսական «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան վարձկանները Ուքրանիոյ մէջ իրենց դաշտային ճամբարներէն անցան սահմանը եւ մուտք գործեցին Ռուսիոյ Ռոսթով-Ան-Տոն քաղաքը: Անոնք շատ արագ եւ առանց իսկ փամփուշտ մը կրակելու գրաւեցին շրջանային զինուորական հրամանատարութիւնը եւ աւելի հիւսիս, դէպի Մոսկուա ճամբուն վրայ գտնուող Վորոնեժ քաղաքին մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնները:
«Վակներ»-ի զինեալները սկսան արշաւել դէպի Ռուսիոյ մայրաքաղաք, ինչ որ Քրեմլինը մղեց բազմաթիւ շրջաններու, ներառեալ Մոսկուայի մէջ անվտանգութեան խիստ միջոցառումներ որդեգրելու: Չեչենիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ուժերն ու ազգային պահակագունդը մեկնեցան Ռոսթով` դիմակայելու համար «Վակներ»-ի վարձկանները, ինչպէս նաեւ Մոսկուա` պաշտպանելու համար մայրաքաղաքը:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտարարեց, որ` «ռուսական զինեալ ուժերուն հրաման տրուեցաւ զինեալ ըմբոստութիւնը կազմակերպած անձերը վնասազերծելու»` աւելցնելով, որ «Ռուսիան քաղաքացիական պատերազմի մղել ուզող կայ: Ան խոստացաւ պատժել անոնք, որոնք Ռուսիոյ «դաւաճանած» են: Ան «Վակներ»-ը ամբաստանեց զինեալ ըմբոստութեան» դիմելու յանցանքով եւ այդ քայլը նկատեց «մեր երկրի կռնակէն դաշոյնի հարուած մը:
«Վակներ» հակադարձեց նշելով. «Փութին սխալ որոշում տուաւ, եւ շուտով նոր նախագահ պիտի ունենանք»: Վարձկաններու ղեկավար եւ «Վակներ»-ի հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին ըսաւ. «Ոչ ոք Ռուսիոյ նախագահի, Դաշնակցային անվտանգութեան ծառայութեան կամ որեւէ ուրիշ կողմի պահանջով անձնատուր պիտի ըլլայ»: Ան յայտարարեց, որ իրենք սկսած են դէպի Մոսկուա «Արդարութեան երթ»-ին:
Շաբաթ գիշեր Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի միջնորդութեամբ Փութինի եւ Փրիկոժինի միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն. վերջինս դադրեցուց մայրաքաղաքէն արդէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հասած իր ուժերուն դէպի Մոսկուա արշաւը եւ ապահովական երաշխիքներու եւ իր ու իր ղեկավարած զինեալներուն դէմ ամբաստանութիւններու ջնջման դիմաց որոշեց զանոնք վերադարձնել իրենց զօրանոցները: «24 ժամուան մէջ Մոսկուայէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հասանք առանց որ մեր զինեալներէն կաթիլ մը արիւն թափի», յայտարարեց ան: «Վակներ»-ի ղեկավարը մեկնեցաւ Պիելոռուսիա աքսորի, իսկ Քրեմլինի հաւատարիմ չեչեն ուժերը հեռացան Ռոսթովէն:
Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ ազդու դերակատարութիւն ունեցող «Վակներ»-ի ղեկավարը վերջին ամիսներուն կը քննադատէր Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ղեկավարումն ու մասնաւորաբար Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարն ու բանակի սպայակոյտի պետը: Ըստ անոր, ռուսական ուժերը ուրբաթ օր ռմբակոծած են Ուքրանիոյ մէջ գտնուող «Վակներ»-ի ճամբարները:
Միացեալ Նահանգներ
Ամբողջական Պատկերացում Չունին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը չէ փոխած իր ռազմավարական ուժերու պատրաստութիւնը Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու լոյսին տակ:
Անոր համաձայն, վերջին օրերու իրադարձութիւններուն առնչուած Միացեալ Նահանգներ չեն տեսած Ռուսիոյ ռազմավարական ուժերու պատրաստութեան փոփոխութիւններ:
«Միացեալ Նահանգներ ամբողջական պատկերացում չունին Ռուսիոյ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն մասին, Ուաշինկթըն կը սպասէ, թէ կացութիւնը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Պլինքըն «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ին յայտնեց, որ «Վակներ»-ի զինեալներուն կողմէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխանութեան աննախադէպ մարտահրաւէրը վերջինիս իշխանութեան ուժին մէջ նոր «ճեղքեր» բացայայտած է, ինչ որ կրնայ այդ իշխանութեան աւարտին հասնելու համար շաբաթներու կամ ամիսներու կարօտիլ: «Չեմ կարծեր, որ վերջին արարը տեսանք», ըսաւ Պլինքըն:


