Ամերիկեան հետախուզութիւնը յունիսի կէսերուն արդէն տեղեկութիւն ստացած է, որ «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին Ռուսիոյ մէջ հաւանական զինեալ ապստամբութիւն կը կազմակերպէ: Այս մասին կը գրեն ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթերը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատարները:
Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի, ամերիկեան հետախուզութիւնը Փրիկոժինի ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւնը ստացած է յունիսի կէսերուն, իսկ «Նիւ Եորք Թայմզ» կը պնդէ, որ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնները ճշգրիտ տուեալներ ստացած են 21 յունիսին:
«Միացեալ Նահանգներու հետախուզութիւնը բաւականաչափ ազդանշաններ ունէր Փրիկոժինի հաւանական գործողութիւններուն մասին, որպէսզի կարենար ղեկավարութեան տեղեկացնել, թէ ի՛նչ բան կը կատարուի», «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարը:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, յղում կատարելով իր բարձրաստիճան զրուցակիցներէն մէկուն, կը յայտնէ, որ վերջին երկու շաբթուան ընթացքին «մեծ մտահոգութիւն» եղած է, թէ Ռուսիոյ մէջ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ «որեւէ անկայունութիւն պիտի ազդէ ռուսական հիւլէական զինանոցի վերահսկողութեան վրայ»:
Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, ի տարբերութիւն 2021 թուականի վերջաւորութեան տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, երբ ամերիկեան հետախուզութիւնը գաղտնազերծեց Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան Ռուսիոյ նախապատրաստութեան մասին տեղեկութիւնը, այժմ ամերիկեան հետախուզական ծառայութիւնները գիտակցաբար որոշած են ատիկա չընել:
Ամերիկացի պաշտօնատարները նշած են, որ կ՛ենթադրէին, որ նման տեղեկութիւնը կրնար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հիմք տալ` մեղադրելու Արեւմուտքը պետական յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով: Բացի ատկէ, ամերիկեան իշխանութիւնները շահագրգռուած չէին Ռուսիոյ նախագահին օգնելու «Վակներ»-ի «լուրջ» հարուածին դէմ:
Ըստ «Սի.Էն.Էն.»-ի սեփական աղբիւրներուն, հետախուզութիւնը շաբթուան սկիզբը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին զեկուցած է «Վակներ»-ի տեղաշարժերուն մասին եւ քոնկրեսականներուն մանրամասն տեղեկութիւններ տրամադրած է սահմանին սեփական զինուորական ընկերութեան ուժերու կուտակման մասին:


