Ինթեր Միլանին մաս կազմող պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ իր ակումբը լքելով տեղափոխուեցաւ Թուրքիա եւ միացաւ Ֆեներպահչէին:
37 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Ինթերին մաս կը կազմէ 2021-էն ի վեր, նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 52 մրցումի ընթացքին նշանակեց 14 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ:
Ան մաս կազմած է նաեւ Վոֆսպուրկի, Մանչեսթըր Սիթիի, Ա. Էս. Ռոմայի եւ այլ ակումբներու:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 4 միլիոն եւրոյով:


