Նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացի տագնապը, որ տակաւին կը յամենայ, կը խանգարէ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը:
Այս տագնապը լուծելու նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութի մէջ կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ` իմանալու համար անոնց տեսակէտները:
Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Լը Տըրիան ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն ընկերակցեցան Վերանորոգում պլոքէն երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումի եւ Աշրաֆ Ռիֆի:
Հանդիպումէն ետք Մուաուատ նշեց, որ ինք բարձր գնահատած է Ֆրանսայի յանձնառութիւնը` Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման իմաստով:
Ան նշեց, որ անկարելի է կայունութիւնը պաշտպանել, եթէ քաղաքական բոլոր ուժերը լիբանանեան պետականութեան, սահմանադրութեան, հաստատութիւններուն եւ օրէնքներուն չվերադառնան:
Ան նշեց, որ ինք Լը Տըրիանին առաջարկած է լուծման ընթացագիծ մը, որ կ՛ենթադրէ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ սահմանադրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործիքակազմերը յարգելով անմիջապէս ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահական ընտրութեան նիստի իրերայաջորդ փուլերու ընդմէջէն ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:
Լը Տըրիան ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ Նետիմ Ժեմայէլ եւ Սելիմ Սայեղ:
Հանդիպումէն ետք Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լը Տըրիանի հետ անկեղծ հանդիպում մը ունեցած է` աւելցնելով, որ իրենք առաջարկած են երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապի լուծման ուղեգիծ մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ երկրին գերիշխանութիւնը վերականգնել եւ պէտք եղած բարեկարգումները կատարել` լիբանանցիները փրկելու համար ընկերային-տնտեսական տագնապէն:
Ֆրանսացի պատուիրակը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք Լը Տըրիանի հետ անկեղծ եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցած են:
Լը Տըրիան ընդունեց նաեւ Փոփոխութեան երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը, որուն անունով երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ ֆրանսացի պատուիրակը զգուշացուցած է, թէ Լիբանան միջազգային հրատապ օրակարգերու վրայ իբրեւ քննարկումի կէտ տեղ չունի, եւ ոչ մէկ երկիր կամ պետութիւն խանդավառ է Լիբանանին օժանդակելու գաղափարով:
Ֆրանսական դեսպանատան այցելուներէն եղաւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ, որ յայտնեց, թէ Լը Տըրիան յուլիսին պիտի վերադառնայ Լիբանան` յստակ պատկերացում մը ունենալով:
Նշենք, որ բոլոր հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:
Լը Տըրիան Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան երկրին ապահովական իրավիճակն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Միւս կողմէ, տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու համաձայն, Լը Տըրիանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն մեկնելով ի յայտ եկած է, թէ Ֆրանսա կ՛աշխատի լուծել նախագահական ընտրութեան տագնապը եւ այլեւս կառչած չէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան:
Նոյն աղբիւրները հաւանական կը նկատեն, որ Լիբանանի նախագահական դատարկութեան փուլը ըլլայ երկարատեւ:



