Սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ պաշտօնական քննարկումները Պաքուի եւ Թիֆլիսի միջեւ վերսկսած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, այս նիւթը քննարկուած է երկուշաբթի օր Թիֆլիսի մէջ` երկկողմանի վրաց-ազրպէյճանական քաղաքական խորհրդակցութիւններու ընթացքին:
Նշեալ խորհրդակցութիւններուն մասնակցած են երկու երկիրներու արտաքին գործոց փոխնախարարներ Լաշա Տարսալիան եւ Խալաֆ Խալաֆովը:
«Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը անդրադարձած են սահմանազատման եւ սահմանագծման պետական յանձնախումբի նոր նիստի գումարման հեռանկարներուն», կը հաղորդէ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման շուրջ բանակցութիւնները դադրեցուած էին 2020-ին, երբ Վրաստանի դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցած էր սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով զբաղող պետական յանձնախումբի երկու վրացի փորձագէտներու դէմ:
Իրաւապահները կը պնդէին, որ քարտէսագիրները, ազրպէյճանական կողմի հետ քննարկումներու ընթացքին, միտումնաւոր կերպով սխալ քարտէսներէ օգտուած են, այս պատճառով ալ միջնադարեան «Դաւիթ Գարեջի» վանական համալիրի մէկ մասը անցած է Ազրպէյճանին:


