Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Արարատ-Արմենիայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ փորձառու մարզիչ Վարդան Մինասեան վերադարձաւ եւ ստանձնեց ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը:
Անոր մարզչական խմբակին մէջ են նաեւ Արտակ Օսէեան, Արթուր Մկրտչեան եւ Գուրգէն Յակոբեան:
Նշենք, որ անցեալին Արարատ-Արմենիա, Վարդան Մինասեանի գլխաւորութեամբ, երկու անգամ հանդիսացած է Հայաստանի ախոյեան, իսկ առիթով մըն ալ` Հայաստանի գերբաժակակիր:


