Ռաֆայէլ Նազարեանի գլխաւորած կազմը` Հայաստանի 21 տարեկանէն վար տղոց ազգային հաւաքականը, որ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ իր հասակակիցներուն դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցակից կազմը թէեւ 30-րդ վայրկեանին ինք նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն 52-րդ վայրկեանին ամերիկեան Սիրաքուզի յառաջապահ Նիքոլա Կալուկեան նշանակեց հայրենի կազմին հաւասարութեան կոլը:
Մրցումին տեւողութեան Նազարեան կատարեց եօթը փոփոխութիւն:


