Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի անուանի թենիսմեն Կարէն Խաչանով իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Հալի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին:
Խաչանով յայտնեց, որ «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուած ըլլալով, յաւելեալ ժամանակի պէտք ունի լաւապէս ապաքինելու համար:
Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 10-րդ դիրքին վրայ գտնուող Խաչանով յայտնեց, որ պէտք ունի հանգիստի, որպէսզի կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 3-16 յուլիսին:
Ինչ կը վերաբերի Հալի մրցաշարքին, անիկա տեղի պիտի ունենայ 18-25 յունիսին:


