Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, այսօր` ուրբաթ, 16 յունիսին, հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսին:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի «Սիթի» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Կէորկի Նիքոլով Քապաքով (Պուլկարիա):
Ուքրանացի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը նախքան Քարտիֆ իր մեկնումը իր վերջին փորձերը կատարեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:
Խումբը երէկ դարձեալ իր վերջին փորձերը կատարեց Կալես ժամանելէ ետք:
Նշենք, որ երէկ Քարտիֆի մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականի կազմին միացան Լուքաս Սելարայեան եւ Նորպերթօ Պրիասքօ-Բալեկեան:
Հայաստան, որ ցարդ իր կատարած զտումի առաջին մրցումին կրած է պարտութիւն մը, իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար իր առաջին յաղթանակը:


