Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Մամլոյ Ասուլիսը

June 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երեքշաբթի, 13 յունիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի անդամներու մամլոյ ասուլիսը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ յառաջիկայ գլխաւոր ընելիքներուն եւ մարտավարութիւններուն մասին:

«Մենք պէտք է հասնինք այն բանին, որ այդ փաստաթուղթը չստորագրուի, ատոր համար ժողովուրդը պէտք է դուրս բերենք պայքարի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Եթէ իշխանութիւնը հասկնայ, որ չկայ դիմադրութիւն, պիտի ստորագրէ եւ պիտի մարսէ, պիտի ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիրը: Ակնյայտ է, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ կայ պայմանաւորուածութիւն, որ այս տարուան ընթացքին փաստաթուղթը ստորագրէ: Մենք ունինք քայլերու մեր պատկերացումները, բայց քանի որ ասիկա քաղաքական մէկ ուժի խնդիր չէ, հարցը պիտի քննարկենք  բոլոր առողջ ուժերուն հետ եւ դուրս գանք պայքարի: Յստակ ժամ, օր, տեղ չեմ կրնար ըսել, բայց ամբողջ ծաւալով պիտի լծուինք պայքարի: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է տէր կանգնի իր հայրենիքին: Եթէ մարդոց լիարժէք կարենանք բացատրել սպառնալիքները, այդ մարդիկը պիտի մղենք պայքարի, ներառեալ այն քաղաքացիները, որոնք անտարբեր են: Այն, ինչի մասին յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը, խաղաղութեան պայմանագիր չէ, անիկա նոր անձնատուական փաստաթուղթ է, որուն ստորագրումը աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ հայ ժողովուրդին համար: Այդ քայլը կանխելու միակ ճանապարհը համաժողովրդական դիմադրութիւնն է: Մէկ հոգին չի կրնար որոշել մեր 5000-ամեայ ժողովուրդի ճակատագիրը», ըսաւ Սաղաթէլեանը:

Սաղաթէլեանի համաձայն, քաղաքական ուժերը շատ մատչելի երեք բան պէտք է ներկայացնեն մեր հանրութեան` երկիրը ստեղծուած իրավիճակէն դուրս բերելու ծրագիր, իրականացնող խումբ եւ իշխանափոխութեան ճամբու քարտէս:

«Իշխանութիւնը մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պահպանումը, հայ մարդու անվտանգութիւնը ապահովելու փոխարէն կ՛ըսէ` յանձնել յանուն փրկութեան: Ատիկա ինքնաոչնչացման ճամբան է: Հայ ժողովուրդը ունի այդ միջոցները իր հայրենիքին համար կռիւ տալու: Մենք թշնամիին նոր տարածքներ տալու պատրաստակամութիւն չունինք, այլընտրանք չկայ: Իրենց առաջարկած ճամբան խաղաղութեան հետ բացարձակօրէն կապ չունի: Մարդը երեք տարի է` կը խօսի խաղաղութեան մասին, ո՞ւր է այդ խաղաղութիւնը, թուլացուցին ժողովուրդի դիմադրողականութիւնը, պառակտեցին, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ամբողջութեամբ քանդեցին: Գլխաւորը կանխելն է փաստաթուղթի ստորագրումը, իսկ վտանգը ամբողջութեամբ չէզոքացնելու համար անհրաժեշտ է հեռացնել իշխանութիւնը, որովհետեւ այս իշխանութեամբ մենք դատապարտուած ենք», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Պորել. «Ազրպէյճանի Կողմէ Անցակէտի Տեղադրումը Կը Հակասէ Կողմերուն Միջեւ Վստահութիւն Կառուցելու Ջանքերուն»

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Համահայկական Զօրաշարժի Կոչով

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.