ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջերս բացայայտուած փճացած սննդամթերքին առնչուած գայթակղութեան յանցագործներու անուանացանկին վրայ կարգ մը հանրածանօթ եւ մինչ այդ որոշ վարկ ունեցող հաստատութեանց անուններու յայտնուիլը ապշեցուց լիբանանեան հասարակութիւնը:
Ճիշդ է, որ այդ հաստատութեանց դէմ հաստատուած մեծագումար տուգանքները նուազեցուած եւ այդ հաստատութեանց համար չնչին գումարի մը վերածուած էին, սակայն անմիջական տուգանքին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ անոնց ճակտի խարանին պատճառով յաճախորդներու թիւի անկումէն յառաջանալիք եկամուտի կորուստը: Այդ հաստատութեանց դիմագրաւած «փորձանք»-ը նմանօրինակ այլ յանցագործներու մօտ իրարանցում յառաջացած է, եւ անոնք կը շտապեն իրենց «գանձերէն» ձերբազատուելու: Ահա թէ ինչու, հոս ու հոն փճացած սննդեղէնի «թափօններ» կը յայտնաբերուին:
Դժբախտաբար կարգ մը անհամբեր լիբանանցիներու մօտ նշմարուող արագ կերպով հարստանալու մարմաջը միջոցներու միջեւ խտրութիւն չի դներ: Պետութեան պարտականութիւնն է այդ ձգտումը սանձելով` խնդրոյ առարկայ անհատն ու հասարակութիւնը պաշտպանել ատոր ժխտական հետեւանքներէն: Այս առումով` Սպառողներու ապահովութեան հսկող խորհուրդի շուրջ տասը օր առաջ առած քայլը ողջունելի էր, սակայն ոչ բաւարար: Անհրաժեշտ է այս պայքարը շարունակել եւ հսկողութիւնը մնայուն դարձնել, որպէսզի ներկայ քայլին դրական ազդեցութիւնը ժամանակաւոր չըլլայ, այլապէս` անիկա իր իսկական նպատակէն շեղելով` քարոզչական արարքի մը կը վերածուի:


