Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Բանաստեղծութեան Միջազգային Օրն Է. Խոհեր` Բանաստեղծ Գրիգոր Պըլտեանէն

March 21, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գրելու արարքը ինքնին բարդ արարք մըն է. եթէ փորձեմ որոշապէս ուզել գիտնալ, թէ ի՞նչ է, որ զիս կը մղէ նախ եւ առաջ, պիտի ըսեմ` ապրելու, ըլլալու, մտածելու տենդ մը: Չեմ գրեր արտայայտուելու համար, ինքզինքս կամ աշխարհը արտայայտելու համար: Արտայայտուելու համար կրնանք զրուցել, նամակ գրել, հեռախօսել իրարու մեր մտածումներն ու հոգեկան վիճակները փոխանցելու, փոխանակելու մտքով: Ինծի համար գրելը միջոց մըն է, եթէ միջոց բառը հասկնանք ո՛չ իբրեւ գործիք, այլ` իբրեւ անջրպետ…

«Տեղ մը, ուր կրնամ ըլլալ, տեղ մը, ուր կը շարունակուի իմ գոյութիւնս: Տեղ մը, որ կը շարունակէ իմ գոյութիւնս գիրերու աշխարհին մէջ: Կը շարունակէ թերեւս աւելի հզօր կերպով, քան իրերու աշխարհին մէջ, բայց գիրերու աշխարհը կ՛առնէ իր մէջ իրերու աշխարհը, ինչպէս` գիր բառին մէջ կայ իրը: Մէկը չի հակադրուիր միւսին: Գրելը նոյն ատեն ներգործական արարք մըն է, որովհետեւ հարցեր կը դնէ, հարցադրումներ ունի, եւ այդ կ՛ընէ ճիշդ անոր համար, որ մտածել մըն է…

«Գրելը վերացում մը չէ, մոռացում մը, գինովութիւն մը, այլ պիտի ըսէի պատռուածք մը, հերձում մը, ինչպէս է մտածումը իրերու անհատնում աշխարհին մէջ:

«… Գրելը բան մը ըսե՞լ է միայն: Ասկէ հեռու չէ ճամբան դէպի պատգամը: Ըստ իս, գրելը ըսել մըն է, որ ընել մըն է: Ըսել մը, որ ընել է եւ ընել մը, որ ըսել է:

«Կ՛ենթադրեմ, որ ըսուածը իրեն հետ կը տանի չըսուածը, չըսուածներ, որ գրողը կրնայ մասամբ գիտնալ, մասամբ` չգիտնալ: Որովհետեւ գրողը չի կրնար մասամբ տիրապետել գրածին: Ասոր համար` գրելը պարզապէս ըսել չէ, այլեւ` չըսել, ինչ որ կը հերքէ ըսելը` ըսելու պահուն»:

(Գրող, իմաստասէր, գրականագէտ Գրիգոր Պըլտեանի հետ «Ազդակ»-ի հարցազրոյցը կը ներկայացնենք յառաջիկային):

 

 

 

Նախորդը

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Թաթուլ Յակոբեանի «Հայերը Մռաւից Արաքս» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն Եւ Արցախի Վերաբնակեցման Աշխատանքներու Մասին Զեկուցում

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.