«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է` կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները յաջորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած հանդիպումին կրնա՞ն իսկապէս նշանակալի յաջողութեան մը հասնիլ, Փաթել յայտնած է` կրկնելով նախապէս կատարած յայտարարութիւնը. «Անհամբեր կը սպասենք Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու յաւելեալ փուլի մը հիւրընկալման, որովհետեւ կողմերը կը շարունակեն Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ խաղաղութեան ձգտիլ»:


