Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Պլինքըն շնորհաւորած է Ֆիտանը նոր պաշտօնի նշանակման առիթով:
Թրքական «Տէյլի Սապահ»-ը կը հաղորդէ, որ երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը քննարկած են շարք մը հարցեր, ներառեալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթները:
Անոնք նաեւ քննարկած են Թուրքիոյ կողմէ «ԷՖ-16» հալածիչներու գնման հարցը, ինչպէս նաեւ հացահատիկի ռուս-ուքրանական գործարքը:


