Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուքաշենքօ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Պէտք Է Փորձեն Փոխադարձ Ընդունելի Լուծում Գտնել»

June 9, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին լուծումը պէտք է ձեռնտու ըլլայ երկու կողմերուն: Այս մասին 8 յունիսին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ` ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հետ հանդիպումի ընթացքին:

«Թէ՛ ազրպէյճանցիները, թէ՛ հայերը մեզի հարազատ են: Անոնք նման են մէկ ձեռքի երկու մասի, ի՞նչ կրնաս ընել», նշած է Լուքաշենքօ:

Պիելոռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ նախորդ տարիներուն ինք մեծ ջանքեր ներդրած է կողմերուն միջեւ տագնապը լուծելու համար` փորձելով համագործակցութիւն հաստատել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ:

«Հիմա ամէն ինչ աւելի բարդացած է, պէտք է կարգաւորել այս իրավիճակը: Այս պարագային ես, ի հարկէ, կը սատարեմ Նիկոլ Վովայեւիչին (Փաշինեանին)` գիտակցելով, որ այս բոլոր խնդիրները ինկած են այս իշխանութիւններուն, անոր վրայ: Ուստի հիմա մեզի պէտք է համբերութիւն եւ փորձեր` խնդիրին լուծում գտնելու համար, որպէսզի ատիկա ձեռնտու ըլլայ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին», ընդգծած է ան:

Ըստ անոր, ՀԱՊԿ-ի երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները եւս պէտք է իրենց առաջարկները ներկայացնեն, որովհետեւ անոնք այս կացութեան մէջ դուրսէն դիտողներ չեն: «Դուք մեր հիմնական օգնականներն էք պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն մէջ», ըսած է ան:

Պիելոռուսիոյ նախագահը ընդգծած է, որ ՀԱՊԿ-ի տարածքին մէջ տագնապները, յատկապէս զինուած տագնապները, պէտք է լուծուին: «Մենք չենք կրնար հանգիստ հետեւիլ, երբ ՀԱՊԿ-ի տարածքին մէջ տագնապներ կ՛ըլլան, մենք չենք կրնար զանոնք ձգել, անոնք բարդ են: Անոնք մեր եղբայրներն են. մենք ապրած ենք նոյն պետութեան մէջ, ուստի խնդիրները պէտք է լուծուին», ամփոփած է Պիելոռուսիոյ ղեկավարը:

 

Նախորդը

Ռոթ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Անվտանգ Ապրելու Իրաւունքը Պէտք Է Բանակցութիւններուն Մէջ Կեդրոնական Նշանակութիւն Ունենայ»

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հայ-Թրքական Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.