Կը թուի, թէ Ուքրանիան սկսաւ իր հակայարձակումին: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Անակնկալներ չկան, որովհետեւ Քիեւի վարչակարգը այլընտրանք չունի, եւ պէտք է յարձակում գործէ, որովհետեւ պէտք է արդարացնէ գողութիւններն ու զէնքերը, որ ստացաւ», յայտնեց Մետվետեւ` աւելցնելով. «Քիեւի վարչակարգը միայն մէկ ելք ունի` մինչեւ վերջ երթալն ու հազարաւոր զինուորագրեալներ մահուան ղրկելը»:
«Այս պարագային մենք պէտք չէ թերագնահատենք թշնամին: Թշնամին եւ անոր աջակցող արեւմտեան աշխարհը պատրաստ են ամէն ինչի` մեր երկիրը երկրագունդի երեսէն ջնջելու համար: Ուստի հիմա գլխաւորը կարելի եղածին չափ կեդրոնանալն ու արժանի պատասխան տալն է», գրեց ան:
Մետվետեւ ըսաւ, որ ուքրանական հակայարձակումը Ռուսիոյ համար անակնկալ չէր, եւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը առաւելութիւն ունին Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն նկատմամբ «օդուժի, ճշգրիտ սպառազինութեան եւ զրահապատ սպառազինութեան հարցերուն մէջ»:
Անոր կարծիքով` ուքրանական բանակի հակայարձակումը ետ մղելէ ետք ռուս զինուորները պէտք է իրենք սկսին յարձակողական գործողութիւններ: «Կարիքը ունինք թշնամին կանգնեցնելու, ապա շղթայազերծելու յարձակում մը, որուն նպատակը այսօր միայն մեր հողերը ազատագրելը եւ մեր ժողովուրդը պաշտպանելը չէ: Անոր նպատակը Քիեւի նացիական վարչակարգի ամբողջական տապալումն է», յայտնեց Մետվետեւ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ուքրանիան 4 յունիսի առաւօտեան լայնածաւալ յարձակումի սկսած է հարաւտոնեցքեան ուղղութեամբ: Նախարարութեան տուեալներով` Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յարձակողական գործողութիւնները ձախողած են, իսկ ուքրանացի զինուորները «ետ շպրտուած են»:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնած է «յարձակողական գործողութիւններու» մասին, սակայն այլ` Պախմութի ուղղութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայիլ Պոտոլիաք յայտնած է, որ յարձակումը տակաւին չէ սկսած:


