Սպիտակ տան բանբերը յայտնած է, որ Ճօ Պայտընի աշխատակազմը տակաւին Քախովքայի ջրելեկտրակայանի ամբարտակի փլուզման պատճառի մասին եզրակացութեան չէ հասած:
Սպիտակ տան մէջ կ՛ուսումնասիրեն տեղեկութիւնները այն մասին, որ պայթում կատարուած է ռուսական ուժերուն կողմէ, որոնք անցեալ տարի գրաւած են ամբարտակի յարակից շրջանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի Ձայն»-ը:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտարարած է, որ «Տնեփրի ամբարտակի փլուզումը յառաջ բերած է զանգուածային ողողումներ Ուքրանիոյ մէջ եւ յանգեցուցած է առնուազն հազար ուքրանացիներու հեռացման: Մենք գիտենք, որ կան զոհեր, ներառեալ, հաւանաբար, շատ զոհեր, հակառակ անոր որ ատոնք նախնական տեղեկութիւններ են, եւ մենք չենք կրնար հիմա քանակապէս գնահատել (կորուստները)», ըսած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը:
Քըրպի նշած է, որ աշխատակազմը կ՛ուսումնասիրէ այն տեղեկութիւնները, որ պայթումի պատասխանատուութիւնը կը կրէ Մոսկուան` յիշեցնելով, որ ռուսական զօրքերը «անօրինաբար գրաւած են (Քախովքայի ջրելեկտրակայանի կողքի շրջանը) անցեալ տարի եւ այդ ժամանակէն անիկա բռնագրաւած են»:
«Մենք կարելի ամէն բան կ՛ընենք, որպէսզի գնահատենք այդ տեղեկութիւնները, եւ մենք կ՛աշխատինք ուքրանացիներուն հետ, որպէսզի աւելի շատ տեղեկութիւն հաւաքենք: Առայժմ չենք կրնար հաստատօրէն ըսել, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է», ըսած է Քըրպի` աւելցնելով. «Բացարձակ ստոյգ կարելի է ըսել ուքրանացի ժողովուրդին եւ շրջանին հասցուած զգալի վնասին մասին»:
Քըրպիի համաձայն, աղէտը նաեւ կրնայ կործանարար ազդեցութիւն ունենալ ուքրանական ուժանիւթային անվտանգութեան վրայ:
Պատասխանելով լրագրողի` ամբարտակի փլուզման ուքրանական հակայարձակումին վրայ ունենալիք հետեւանքներու մասին հարցումին, Քըրպի ըսած է, թէ տակաւին չափազանց կանուխ է այդ առիթով որեւէ կանխատեսում ընել:
«Հիմնական ուշադրութիւնը այժմ կը յատկացուի այն բոլոր ուքրանացիներուն, որոնց կեանքը, քաղաքներն ու գիւղերը վնասուած են այդ հեղեղումէն, եւ որպէսզի անոնք օգնութիւն եւ աջակցութիւն ունենան, որոնց կարիքը ունին: Սակայն այժմ չափազանց կանուխ է գնահատական տալու, թէ ատիկա ինչպէ՛ս պիտի ազդէ մարտադաշտին մէջ տիրող կացութեան վրայ», նշած է Քըրպի:


