Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Շարունակէ Ապատեղեկատուութիւն Տարածել

June 7, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Պաքուի հաղորդումը, թէ 5-6 յունիսի լուսցող գիշերը Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, թէ Պաքուի հաղորդումը չի համապատասխաներ իրականութեան` շեշտելով, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել:

Պաքուն, մասնաւորապէս, յայտնած է, որ 5 յունիսի ժամը 22:50-էն մինչեւ 6 յունիսի ժամը 4:40-ը, Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները «Բասարկեչարի շրջանի» (Վարդենիսի շրջան) դիրքերէն կրակած են ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ:

«Ազրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները ձեռնարկած են համարժէք պատասխան գործողութիւններ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն

Ստեփանակերտ կը յայտնէ, թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւնը տարածած է` յայտարարելով Ասկերանի, Մարտունիի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ իր կողմէ իբրեւ թէ խափանուած եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ իրականացուող ամրաշինական աշխատանքներու մասին:

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, անգամ մը եւս կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը` փորձելով հիմնաւորել իր ստորաբաժանումներուն կողմէ հրադադարի խախտման պարբերաբար արձանագրուող դէպքերը», նշուած է պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքուն, մասնաւորապէս, հաղորդած է, թէ «հայկական անօրինական զինուած կազմաւորումներն Աղտամի, Խոջավենտիի, Ֆիզուլիի եւ Քելբաջարի ուղղութիւններուն վրայ ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն դիմաց փորձած են ամրաշինական աշխատանքներ կատարել, սակայն ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած անյետաձգելի միջոցառումներուն հետեւանքով աշխատանքները անմիջապէս դադրեցուած են»:

Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Կը Խախտէ Հրադադարը

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 6 յունիսի ժամը 11:00-17:30-ը շփման գիծի կեդրոնական, արեւելեան եւ հարաւարեւելեան ուղղութիւններուն մէջ խախտած է հրադադարը` կիրարկելով հրաձգային զինատեսակներ:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Ըստ աղբիւրին, հրադադարի խախտումներուն մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:

Նախորդը

Պայրամով ԵԱՀԿ-ի Պետութիւններու Ներկայացուցիչներու Հետ Քննարկած Է Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Հիւպատոսարան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.