Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչին մարմինին, կիրակի, 4 յունիս 2023-ի երեկոյեան առցանց հանդիպում մը կայացաւ Սուրիոյ, Հոլանտայի եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն միջեւ` ներկայութեամբ Արցախի պատանեկան միութեան վարիչներուն:
Առցանց հանդիպումին հիմնական նպատակն էր զօրակցութիւն յայտնել Արցախի մեր պատանիներուն, որոնք 2020 թուականի տխրահռչակ անձնատուութեան համաձայնագիրէն ետք օրըստօրէ կ՛ապրին ա՛լ աւելի անորոշ օրեր:
Պատանիներու իրարու ծանօթացումէն ետք ԸՎՄ-ի անդամ Րաֆֆի Տեմիրճեան անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան մը կարեւորութեան, որ հող պիտի հանդիսանայ տարբեր երկիրներու պատանեկան միութիւններու գործակցութեան, ուժականութեան փոխանցման, երկխօսութեան ընդմէջէն փոխադարձ վստահութեան, ինչպէս նաեւ ճիգերու մէկտեղման` յանուն Արցախի: Ր. Տեմիրճեան ընդգծեց, որ Արցախի տագնապը ամէնօրեայ ներկայութիւն պէտք է ըլլայ մեր կեանքին մէջ եւ ոչ թէ` պատահական, ու շեշտեց յաղթական ոգիին ու երազին կարեւութիւնը` նշելով 1918-ի յաղթանակին 1915-ին յաջորդելն ու 1988-ի յաղթանակը. «Ամէնէն կարեւորը պատրաստուիլն է գալիք ժամանակաշրջանին: Էապէս կարեւոր է, որ չյուսահատինք», ըսաւ ան:
Հուսկ, պատանիները փոխանակեցին իրենց մտածումներն ու գաղափարները, որոնք առաւելաբար կեդրոնացած էին պատանիներուն ձայնը աշխարհին լսելի դարձնելու ու Արցախի դատը տարբեր լեզուներով եւ արհեստագիտական բանականութեամբ տարածելու վրայ:
Սրտի խօսք արտասանեցին նաեւ Արցախի վարիչները, որոնք այդ պահուն ստիպուած էին Ստեփանակերտի հիւրանոցէ մը առցանց կապուիլ, որովհետեւ անգամ մը եւս թշնամին լոյսն ու կապը խափանած էր: Ցաւ ի սիրտ, այս պատճառով Արցախի պատանիները չէին կարողացած մաս կազմել հանդիպումին:
Փակման խօսքը արտասանեց ԸՎՄ-ի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես պատանիներուն աշխուժ մասնակցութեան ու նորարար մտքերուն, եւ վստահեցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը ամսական դրութեամբ պիտի շարունակուի:
Առցանց հանդիպումին զրուցավարն էր ԸՎՄ-ի անդամ Արազ Գոճայեանը: Աւարտին պատանիները միասնաբար «Արիւնոտ դրօշ» երգեցին:


