Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Հիւսիսային Քոսովոյի Մէջ Լարուածութեան Մագլցումին Պատճառը Քոսովոյի Վարմունքն Է»

June 1, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քոսովոյի կառավարութեան` հիւսիսային Քոսովոյի մէջ քաղաքապետական շէնքերը իր վերահսկողութեան տակ առնելու որոշումը Քոսովոյի մէջ կացութեան վատթարացման պատճառ նկատեց, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս դադրեցնելու մագլցումը:

Պլինքըն յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Քոսովոյի կառավարութեան` քաղաքապետարանի շէնքեր բռնի ուժով մուտք գործել արտօնելու որոշումը լարուածութիւններու սուր եւ անհարկի մագլցումի յանգեցուց»:

Ան Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քորթին յորդորեց ոստիկանական ուժերը հեռացնելու շէնքերէն եւ երաշխաւորելու, որ «ընտրուած քաղաքապետները» իրենց «ժամանակաւոր պարտականութիւնները» կատարեն «այլընտրանքային վայրերու» մէջ:

«Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ պէտք է սերպական զինեալ ուժերու պատրաստ վիճակի մակարդակը նուազեցնէ եւ Քոսովոյի սերպերը յորդորէ դադրելու Քոսովոյի ուժին արգելք ըլլալէ եւ նոր բռնարարքներէ ետ կանգնելու»:

Նշենք, որ 25 մայիսին, Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ սկսան բախումներ հիւսիսային շրջաններուն մէջ մեծամասնութիւն կազմող սերպերու եւ Քոսովոյի ոստիկանութեան միջեւ: Սերպերը կը բողոքեն Քոսովոյի հիւսիսային քաղաքներուն մէջ ալպանացի քաղաքապետներու պաշտօնավարման դէմ:

29 մայիսին, ոստիկանութիւնը կարծր հակազդեցութիւն ցուցաբերեց ցուցարարներուն դէմ: Օրուան վերջաւորութեան Քոսովոյի մէջ ՕԹԱՆ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՔՖՈՐ-ի ուժերը վերահսկողութեան տակ առին կառավարական շէնքերը: Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ յայտնեց, որ այդ օր տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան անդամ 41 զինուորներ եւ 52 սերպեր:

Կացութեան սրումին լոյսին տակ Վուչիչ հրամայեց սերպական զօրքերը տեղափոխել Քոսովոյի հետ սահման: Ան նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ:

«Կեղծ քաղաքապետներու անյապաղ հեռացումը եւ, այսպէս կոչուած, Փրիշթինայի ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու հեռացումը պայման է Քոսովոյի եւ Մեթոհիայի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու համար», նշեց նախագահը: Քոսովոյի իշխանութիւնները կը մերժեն ետ կանչել ալպանացի քաղաքապետները:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մեր Նպատակը Եւրոպայէն Մինչեւ Սեւ Ծով, Կովկասէն Մինչեւ Միջին Արեւելք Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Գօտի Ձեւաւորելն Է»

Յաջորդը

Անօդաչու Թռչող Սարքերը Յարձակած Են Կրասնոտարի «Աֆիփսքի» Քարիւղի Մշակման Գործարանին Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն  Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»
Միջազգային

Թրամփ. «Թերեւս Թուրքիայէն Խնդրեմ Եմէնի Հարցին Միջամտել»

October 15, 2026
Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ  Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է
Միջազգային

Լեւոն ԺԴ. Պապին Մօտ Թոքի Քաղցկեղ Ախտորոշուած Է

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.