Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յառաջապահ Ալվարօ Մորաթա շատ հաւանաբար վերադառնայ Իտալիա եւ դարձեալ իր մասնակցութիւնը բերէ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան («Քալչիօ»):
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, սպանացի ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլան:
Մորաթա նախապէս երկու անգամ` 2014-2016 եւ 2020-2022 մաս կազմած է Եուվենթուսի:
Այս տարեշրջանին ան սպանական ակումբին հետ ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 42 մրցումի, նշանակած 15 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ:


