Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր Լիկ») 36-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ երկրին գործող ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրընկալեց Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթընը, անոր դէմ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Սիթիի նորվեկիացի 22 տարեկան յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, որ նշանակեց Սիթիի երկրորդ կոլը (39-րդ վայրկեանին), այսպիսով բարելաւեց իր հաստատած մրցանիշը` տարեշրջանի մը ընթացքին նշանակելով իր 36-րդ կոլը («Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմը, որ մրցում մը նուազ կատարած է, ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արսենալի վրայ, որ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Պրայթընէն:
Մանչեսթըր Սիթի, որ այժմ ունի 85 կէտ, իր վերջին երեք մրցումները պիտի կատարէ Չելսիի (21 մայիս), Պրայթընի (24 մայիս) եւ Պրենթֆորտի (28 մայիս) դէմ:
Նշենք, որ վերջին երկու մրցումները Սիթի պիտի կատարէ իր դաշտէն դուրս:
Իսկ Արսենալ իր վերջին երկու մրցումները պիտի կատարէ Նոթինկհամ Ֆորեսթի դաշտին վրայ (20 մայիս) եւ Վուլվզի դէմ (Լոնտոնի մէջ, 28 մայիս):


