Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն

March 19, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Հրակ Լախեան Եւ Նարօտ Գըլըպոզեան
Հանդիսացան Ախոյեան

– Լեւոն Գալայճեան` Երկրորդ, Իսկ
Կարէն Խալոյեան` Երրորդ

Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 մարտին, Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան մրցումները` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:

Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 106 երկսեռ խաղացողներ, որոնցմէ 29-ը` հայեր, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ թիւ մը:

8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ բացառիկ արդիւնք մը արձանագրեց Հրակ Լախեան, որ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Ան իր յաղթանակներէն մէկը արձանագրեց Լիբանանի նախորդ տարուան ախոյեան Մոհամետ Քապալանի դէմ, որ 4 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ չորրորդ: Յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ատամ Պասսամ (5 կէտ) եւ Մոհամետ Ժաուիշ (4 կէտ): Այս դասակարգին մէջ Արմէն Եղիայեան ապահովեց 2,5 կէտ:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, ախոյեանին անունը պիտի վճռուի շաբաթ, 31 մարտին, երբ թայ-պրէյքի մրցում տեղի ունենայ Լիակ Մարտիրոսեանի եւ Նանօր Առնելեանի միջեւ` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ ապահովեցին 3,5-ական կէտ: Սինթիա Թաշճեան ապահովեց 2 կէտ:

10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ պայքարը եղաւ ակնկալուածէն շատ աւելի սուր, մանաւանդ որ մասնակցողներուն թիւն էր 37 (10 հայեր):

Առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով ախոյեան հանդիսացաւ Համզա Մրատ: Լեւոն Գալայճեան 5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Կարէն Խալոյեան, որ ապահովեց նոյնքան կէտ, գրաւեց 3-րդ դիրքը:

Ամէնէն ուշագրաւ եւ մարաթոն մրցումը եղաւ Կարէն Խալոյեան – Հրայր Գասապեան մրցումը, որ միակն ըլլալով (թէեւ վերջ գտաւ հաւասարութեամբ) տեւեց մէկուկէս ժամ: Մնացեալ բոլոր մրցումներն ալ այսքան երկար չտեւեցին:

Այս դասակարգի աղջկանց պարագային Նարօտ Գըլըպոզեան երեք կէտ ապահովելով հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան:

Ստորեւ կու տանք այս դասակարգին մէջ հայերուն ապահոված կէտերը.

Հրակ Ճինպաշեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան (4-ական կէտ), Հրայր Գասապեան (3,5 կէտ), Վահագն Ղազարեան, Լեւոն Շնորհոքեան (3-ական կէտ), Ռուբէն Մարտիրոսեան (2,5 կէտ) եւ Փիթըր Մուրատեան (2 կէտ):

Նշենք, որ մնացեալ դասակարգերու մրցումներուն վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 31 մարտին, նոյն վայրին մէջ, որմէ ետք միայն տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:

Ստորեւ կու տանք 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մասնակցող հայերուն անունները.

12 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- Եորկօ Տարագճեան, Փասքալ Պետրոսեան, Քարլօ Դարբինեան, Հայկ Աւետիս, Արի Աւետիս, Կարօ Կօշկակարեան, Վանիա Թաշճեան, Քարինա Գարակիւլեան եւ Քարին Թաշճեան:

14 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- Միրէյ Թաշճեան, Հրակ Գըլըպոզեան, Խաչիկ Մարգարեան եւ Շանթ Տեքճեան:

16 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ.- Նարեկ Նաճարեան:

Նախորդը

ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ. Ֆութպոլի Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Շահեկան Հանդիպում-Զրոյց Մը` Ռաուտայի ՀՅԴ «Շուշի» Ակումբին Մէջ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.