ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Լուսին Թաշճեան
Տէր եւ տիկին Օհան եւ Էլմաստ Մանուէլեան եւ զաւակը` Շահէ
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Ազատ Պօյմուշաքեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Թամար Թաշճեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Քրիսթոս եւ Քրիսթին Շոնիս եւ դուստրը` Օհանա (Անգլիա)
Թաշճեան եւ Թորոսեան ընտանիքներ
Մանուէլեան եւ Պօյմուշաքեան ընտանիքներ
Աղազարեան եւ Չորպաճեան ընտանիքներ
Եահնէեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ԿԱՐԱՊԵՏ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
(CAFÉ GARO)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 2 մայիս 2023-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 4 մայիսին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 5 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն
ԿԱՐԱՊԵՏ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 2 մայիս 2023-ին:
—————————————
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ
ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ
- Փորձառու հաշուապահի մը
- Հիւանդին թղթածրարը ամբողջացնող հիւանդապահուհիի մը
- Տարրալուծարանի մէջ գործող արիւն առնողի մը
- Ատամնաբուժի օգնականի մը
Հետաքրքրուողները կրնան իրենց «Սի. Վի.»-ները ղրկել հետեւեալ հասցէին`
medicalsocial82@gmail.com
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի հաշուապահուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Գետնայարկ բնակարան կամ սենեակ մը, պայման` Պուրճ Համուտի կամ Ժտէյտէի մէջ: Հեռ. 71-798747:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
26 ՄԱՅԻՍ 2023

