Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, ֆրանսացի մասնագէտ Զինետտին Զիտան շատ հաւանաբար երրորդ անգամ ըլլալով նշանակուի Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլի խումբի մարզիչ:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, նախկին ֆութպոլիստն ու արքայական ակումբը, արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած են:
Կը նշուի, որ մայրաքաղաքի կազմին այժմու մարզիչը` իտալացի Քարլօ Անչելոթթի շատ հաւանաբար հեռանայ խումբէն եւ ստանձնէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը:
50 տարեկան ֆրանսացի Զիտան, նախապէս երկու առիթով, առաջինը` 2016-2018 ժամանակամիջոցին, իսկ երկրորդը` 2019-էն 2021, եղած է Ռէալի մարզիչ` անոր հետ տիրանալով 11 տիտղոսի:


