Շաբաթ, 29 ապրիլին, «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Նանթ-Թուլուզ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2022-2023 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը վերջ գտաւ Թուլուզի յաղթանակով. վերջինս 5-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց գործող տիտղոսակիրը:
Այսպիսով, 1970-ին հիմնուած Թուլուզ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Յաղթական կազմէն տուպլէ իրագործեցին Լոկան Քոսթա (4-րդ եւ 10-րդ) եւ Թհիժս Տալինկա (23-րդ եւ 31-րդ), մինչ վերջին կոլը նշանակեց մարոքցի Զաքարիա Ապուխլալ (79-րդ):
Ապահովական պատճառներէ մեկնած, մրցումի աւարտին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն տիտղոսը փոխանակ դաշտին մէջ յանձնելու յաղթական կազմին, զայն յանձնեց պատուոյ թրիպիւնին վրայ:


