ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը շաբաթ, 22 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:30¬ին ոգեկոչեց յիշատակը Ապրիլեան նահատակներուն: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՕՄ-ի քայլերգով: Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ ըսաւ, թէ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբը տարիներու վրայ երկարող գործունէութեան ընթացքին դասախօսութիւններու ճամբով կը միտի տէր կանգնիլ մեր արժէքներուն, զարգացնել հայ կնոջ միտքը, քաղաքականացնել զայն, որպէսզի ունենանք առողջ եւ ազգային իրաւունքները պաշտպանող պահանջատէր նոր սերունդ: Ան աւելցուց. «Այսօր մենք հաւաքուած ենք ոգեկոչելու եւ յարգելու յիշատակը բիւրաւոր մեր նահատակներուն: Սակայն հայութեան համար տարուան բոլոր օրերը Ապրիլ 24 են այնքան ժամանակ, որ արդարութեան դատաստանին չէ բերուած ցեղասպան թուրք պետութիւնը, եւ չէ հնչած մեծ հատուցման ժամը»:
Ազնիւ Միքայէլեան բացման խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ թուրքին երազը չիրականացաւ, մենք ունինք ազատ, անկախ հայրենիք, իսկ այսօր աւելի քան երբեք պէտք ունինք հայօրէն ապրելու, հայօրէն խօսելու, հայօրէն մտածելու մինչեւ իրականանայ ամբողջական ազատ, անկախ, միացեալ ծովէ ծով Հայաստանի մեր երազը, մեր իրաւունքը:
Օրուան բանախօսն էր Նորա Բարսեղեան, որ լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը յուշերուն Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու, որոնք իրենց արհաւիրքը, մահուան հետ քայլերթը եւ յաղթելու իրենց գոյապայքարը մեզի` յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելով ոչ միայն դարձան կրկնակի հերոսներ, այլ իսկական պատգամաբերներ, որոնք լոկ խօսքեր ու յորդորներ չեն տար մեզի, այլ իրենց կեանքով իսկ կը բարձրաձայնեն, կը թելադրեն, ուղղութիւն կու տան եւ կոչ կ՛ուղղեն` հաւատարիմ մնալու իրենց երթին ու շարունակելու հայօրէն ապրելու պայքարը:
Ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին շատ պատմութիւններ ու վկայութիւններ կարդացած է, նկատելի թիւով վերապրողներու հետ տեսակցութիւններ ունեցած է, անոնց հետ ապրած է ցասումի ու յուզումի պահեր, սակայն իր ամբողջ էութեան վրայ խորունկ եւ ցնցիչ ազդեցութիւն ունեցած են մեծ հօր` Յակոբ Կարապետ Մերտանեանի յուշերը, որոնք ամփոփուած են եօթը տետրակներու մէջ: Բանախօսը յայտնեց, որ Կեսարիա ծնած, 6 տարեկանին արդէն մահուան հետ կողք¬կողքի տարագրութեան երկար ու դաժան Գողգոթան քալած, ինկած ու կրկին մէջքը շտկելով համայն ազգի մը գոյատեւման երթը շարունակած Յակոբ Մերտանեան Լիբանանի մէջ ապաստան կը գտնէ «Թռչնոց բոյն»-ի յարկին տակ, ապա կը փոխադրուի ու բնակութիւն կը հաստատէ Ժիւնի, անկէ ետք` Հայաշէն, ուր Էօժենի Տիւրկերեանի հետ իր ընտանեկան բոյնը կը կազմէ` ունենալով երեք զաւակներ` Մարի, Կարապետ եւ Արուսեակ:
Առ այդ, Նորա Բարսեղեան իր խօսքին հիմքն ու առանցքը դարձուց իր մեծ հօր յուշերը, որոնց ճամբով արտայայտեց իր մտածումները: Յակոբ Մերտանեանի յուշերուն մէջէն բանախօսը քաշած էր քանի մը ցնցիչ պատկերներ, երբ ան տարագրութեան ճամբուն վրայ եղողներուն մասին կ՛ըսէ` «ճամբուն վրայ ուշաթափ եղողներ անգամ մը որ իյնային, ալ չէին ելլեր, իսկ երբ գիշերը հասնէր, գայլերը կը բզքտէին` մեռած թէ ողջ: Ամէն մարդ ինքնիր բեռը եղած էր, մէկը չունէր ալ աշխարհի վրայ»: Ապա ան կը նկարագրէ ծարաւ ըլլալու ահաւորութիւնը, երեւոյթ մը, որուն մասին խօսած է իւրաքանչիւր վերապրող. «Արեւը այնքան տաք էր, որ բերաննիս չորցած, թուք իսկ չէր մնացած: Պզտիկներ չէին դիմանար. եթէ անոնցմէ մին ծարաւէն իյնար, այդտեղ կը մնար այլեւս: «Ա՜խ, ի սէր Աստուծոյ, ումպ մը ջուր, ի՜նչ կ՛ըլլայ»: Այս աղաղակը միշտ կը լսէինք` առտուընէ մինչեւ իրիկուն»:
Բանախօսը իր մեծ հօր յուշերէն առանձնացուցած բաժիններուն մէջ լուսարձակի տակ բերաւ յատկապէս այն կոչերը, զորս միշտ ուղղուած է վերապրողներուն` պատմելու տեղի ունեցածը, որպէսզի գալիք սերունդները իմանան, թէ ինչ ըրած է անիծուած արմատով թուրք վայրենի ցեղը, նաեւ չյուսահատելու, իրենց զաւակները ճամբան չձգելու, որովհետեւ անոնք են, որ պիտի պատմեն ցաւերուն ու տառապանքին մեծութիւնը, անոնք պիտի ըլլան այդ փոթորիկէն ազատած վերջին բեկորները, «որոնք պիտի յիշեն ու վրէժխնդրութեամբ պիտի յառաջանան դէպի այնտեղ, ուր պիտի բարձրացնեն հայ մեռելներու պատիւը, իսկ եթէ սպաննէք ձեր զաւակները, այն ժամանակ պիտի մեռցնէք ձեր գերդաստանին վերջին սիւնն ու ձեր ազգին ծիլերը: Ու մօտ է այդ արշալոյսը»:
Մեծ հօր օրագրութեան մէջ տեղ գտած զարհուրելի պատկերներէն Նորա Բարսեղեան իբրեւ վերջին պատկեր ընթերցեց Եփրատի ջուրերուն մէջ նետուած նահատակներուն պատճառով ստեղծուած վիճակը: «Հաւաքուեցան դիակները այնքան, որ ջուրի հոսանքը անզօր եղաւ դէպի վար քշելով տանելու զանոնք. ջուրը ցրուած եւ շատ ցած էր. հազիւ ոտքի երեսը կը գոցէր: Իսկ մենք` նստած աւազին վրայ, կը դիտէինք իրական մեռելները, մենք նոյն բախտին պիտի ենթարկուէինք. այդ լաւ գիտէր ամէն մարդ թէ կին: Սակայն մեր մէջէն ոչ ոք կու լար, կարծես քարացած էինք աւազին վրայ, շարժում մը իսկ չէինք ըներ, ո՜ւր մնաց լայինք: Արդէն արցունքն ալ չորցած էր: Միայն թէ աջ ձեռքերը տարած մեր դէմքին, տխուր ու փոս աչքերով, կմախքի մը նման կը դիտէինք: Մեռելները մեզմէ հազար անգամ լաւ էին. ո՛չ ուտելիքի կարօտ, ո՛չ ալ աչքի ցաւ ունէին: Այդպէս հարիւրաւորներ երանի կու տային մեռելներուն», կը գրէ Յակոբ Մերտանեան:
Բանախօսը իր եզրափակիչ մտածումներուն մէջ հաստատեց, որ իրենց յուշերը գրի առնողները կամ պատմողները միշտ ալ հիմնական պատգամ ուղղած են յառաջիկայ սերունդներուն` չմոռնալու թուրքին ոճրագործութիւնը, յիշելու` ի՛նչ չարչարանքներու ենթարկուեցան մեր նախնիները, չհրաժարելու մեր սուրբ նահատակներուն իրաւունքներէն, յարգելու, արժեւորելու ու պանծացնելու անոնց վերապրումը` մեր կարգին հայօրէն ապրելով, հայկականութեամբ լեցնելով մեր կեանքը, միտքն ու հոգին, մայրենի լեզուն ամէն բանէ վեր նկատելու, քաջալերելու նոր սերունդները, որ խօսին հայերէն, կարդան ու սորվին իրենց սուրբ լեզուն, թուրքը երբեք ընդունելի չնկատելու, Թուրքիա այցելութիւններ չտալու որեւէ պատրուակով կամ պատճառաբանութեամբ, թուրքին հետ հաշտութեան մասին չմտածելու, այնքան ատեն որ անիկա չէ հատուցած մեր բարոյական եւ նիւթական կորուստները:
«Ճիշդ է, այսօր մենք իբրեւ լիբանանահայեր եւ ընդհանրապէս իբրեւ հայեր երանելի օրեր չենք ապրիր: Շուրջ 4 տարիէ ի վեր Լիբանանը հարուածած տնտեսական, ընկերային տագնապներու, «Քորոնա» ժահրին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, դրամի ահաւոր արժեզրկման պատճառով մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուինք, երբեմն նոյնիսկ յուսահատութեան դուռը կը հասնինք: Արցախեան երկրորդ պատերազմին, մեր ունեցած մարդկային եւ հողային, բարոյական ու նիւթական աննկարագրելի կորուստներուն պատճառով յուսալքուած ենք, կորով չունինք, պայքարելու մեր ներուժը մեծապէս նուազած է, Հայաստանի ապրած վտանգները աւելիով կը բարոյալքեն մեզ…
«Ճիշդ են այս բոլորը, սակայն պէտք է պահ մը կանգ առնել ու մտածել, թէ 108 տարի առաջ մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն ապրած արհաւիրքը արդեօք նուա՞զ ծանր էր ու դժուար, ճամբուն վրայ իրենց հարազատները թաղելով քալելը շարունակողներուն կեանքը աւելի՞ դիւրին էր, Տէր Զօրի անապատներուն վրայ մահուան եւ ահաւոր տաքին դէմ կռիւ մղողներուն մարտահրաւէրները աւելի՞ նուազ էին: Այսօր կը գանգատինք, կը դժգոհինք, կը յուսահատինք եւ երբեմն նոյնիսկ կը յանդգնինք յայտարարել, որ պայքարը անիմաստ է, հայ մնալու համար ճիգը անտեղի է, հայերէն լեզու սորվիլը անհեթեթ է այլեւս, բայց եկէք մտածենք, որ եթէ 108 տարի առաջ կեանքի թելին կառչած մեր նախահայրերը եթէ մեզի նման մտածէին իրենց սովահար եւ սարսափահար վիճակի մէջ, մենք այսօր մեր 108-րդ տարեդարձը պիտի չնշէին իբրեւ սփիւռքահայեր, որովհետեւ սփիւռք պիտի չըլլար, հայութիւնը կրկին պիտի չծլէր ու պիտի չամրանար», ըսաւ Ն. Բարսեղեան` յայտնելով, որ մեզի կը մնայ խոստանալ, որ 108 տարուան պատգամը պիտի փոխանցենք նոր սերունդներուն, «որպէսզի անոնք եւս գիտնան, թէ հայը կը տառապի, բայց չի յուսալքուիր, դժուարութիւններուն դիմաց կը կանգնի միշտ, բայց չ՛ընկրկիր, յուսահատելու սահմանին կը հասնի երբեմն, բայց ներքին ուժ մը, հայուն յատուկ զօրութիւն մը կրկին կը հրաւիրէ զինք ոտքի կանգնելու, մէջքը ուղղելու եւ հայութեան գոյերթը շարունակելու»:
Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներէն Ժան Փիեռ Վարդանեան` կիթառի վրայ նուագելով «Նուպար Նուպար» ժողովրդային երգը, որմէ ետք Մարիա Այվազեան ֆլիւթով հրամցուց «Հինկալա» ժողովրդային երգը:




