Հրապարակուեցաւ «Դրօշակ»-ի այս տարուան երրորդ թիւը, որուն մէջ գերիշխողը Հայաստանն ու Արցախն են` իրենց ներկայի հիմնահարցերով ու տագնապներով: Նոր թիւին առաջնորդող յօդուածը այս անգամ կ՛անդրադառնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն ներհայաստանեան գործունէութեան, իշխողներու խօսքին ու գործին անհամապատասխանութեան:
Քաղաքագէտներ Հրանտ Մելիք Շահնազարեանն եւ Սարգիս Սարգսեանը կ՛անդրադառնան Արցախի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` վերլուծութիւններուն հիմք ունենալով մասնակից եւ շահագրգիռ արտաքին ուժերու դիրքորոշումները:
Արցախէն լրագրող Տաթեւիկ Աղաջանեան «Դրօշակ»-ի ընթերցողներուն կը ներկայացնէ երեք ամիսէ աւելի տեւող շրջափակման պայմաններուն մէջ Արցախի գոյատեւման, արցախցիներու կեանքին ու կենցաղին պատկերը:
Պատմաբան, քաղաքագէտ Վահէ Սարգսեան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ վերջերս Վրաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած ալեկոծումը, անոր դրդապատճառները, արտաքին ու ներքին ազդակները: Այս յօդուածին ընթերցումով կարելի է հասկնալ, թէ այդ դէպքերն ու անոնց զարգացումները ի՛նչ անմիջական ազդեցութիւն կրնան ունենալ Հայաստանի վրայ:
Արեւելագէտներ Լիանա Պետրոսեանն ու Տիգրան Չանդոյեանը կը ներկայացնեն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ բնական այս աղէտի հնարաւոր ազդեցութիւնը` Թուրքիոյ քաղաքական ապագայ զարգացումներուն վրայ:
Մարտ ամիսը հայ ժողովուրդին համար կը դառնայ յիշատակելի` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան լաւագոյն մարտիկ վրիժառուներէն մէկուն` Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռքով Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Թալէաթ փաշայի ոչնչացման գործողութեամբ: Հայոց մեծ հատուցման «Նեմեսիս» ծրագիրին կ՛անդրադառնան բանասէր Մարիամ Յովսէփեանն ու պատմաբան Անի Մելքոնեանը:
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեան հետաքրքրական վերլուծութիւն կը ներկայացնէ նախկին քանատահայ, ներկայիս հայաստանցի Մարգար Շարապխանեանի «Դարձ դէպի հայրենիք» յուշագրական բնոյթի գիրքին մասին:
Վրէժ Արմէնի «Ընկերական զրոյց»-ի հերթական թեման կուսակցութիւն երեւոյթն է, անոր իմաստն ու առաքելութիւնը: Իր այս զրոյցը սփիւռքահայ գրողը, խմբագիրն ու հրապարակախօսը կ՛աւարտէ հետեւեալ հաստատումով. «Հայ ազգային կուսակցութիւնները, իրենց գործելակերպի ու գաղափարականի տարբերութիւններով հանդերձ, նոյն ազգին գերագոյն նպատակին` գոյապահպանման ու զարգացման կը ծառայեն: Անոնք մնայուն գործակիցներ են, ըլլալու են, պիտի ըլլան միշտ: Այլապէս ո՛չ հայ կրնան համարուիլ, ո՛չ ալ` ազգային»:
«Դրօշակ»-ի 2023 թուականի երրորդ թիւին մէջ կան հետաքրքրական այլ յօդուածներ ալ, որոնց կարելի է ծանօթանալ այցելելով https://www.arfd.am


