Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ոսկեայ Ձեռքերով Մարդը». Ոչ Եւս Է Սարգիս Մանուկեանը

March 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանեան ոսկեդարուն մասին տարբեր առիթներով խօսուած է: Խօսուած է յաճախ թաքուն կերպով, մերթ հրապարակայնօրէն ու մերթ ալ` «բարի նախանձ»-ով: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէր իր ամենապայծառ ժամանակները ու ատոր զուգահեռ ալ կ՛ունենար թուաքանակի հրաշալի աճ:

Ամենատարբեր բնագաւառներու մէջ լիբանանահայեր կ՛ունենային փայլուն ներդրում ու, շնորհիւ իրենց ճարտար ձեռքերուն, կը դառնային ոսկեայ օղակ մը` համալիբանանեան մեծ պրիսմակին ներքոյ: Օրինակ, եթէ մարդիկ կարիքն ունենային լաւ վարպետներու, եւ այս` ամենատարբեր ոլորտներու մէջ, անպայմանօրէն կը դիմէին հայ վարպետներու:

Այդ վարպետներէն էր Սարգիս Մանուկեանը (Ծն. 1933-ին, Պէյրութ), որ շուրջ քառասուն օրեր առաջ հեռացաւ մեզմէ` տխրութեան ցոլք մը տալով մանաւանդ սրտերուն մէջ անոնց, որոնք ճանչցած կամ գործ ունեցած էին անոր հետ:

Տորա շրջանի իր փոքրիկ խանութի պատուհանէն բոլորին կողմէ յարգուած պարոն Սարգիսը (զինք նաեւ այդպէս կը կոչէին արաբ լուսանկարիչները) դարձած էր իրաւատէր հասցէն լուսանկարչական սարքերու նորոգութեան:

Եւ իրաւամբ ամէնէն դժուար գործիքները, քամերաները կամ այդ քամերաներու յարակից մասերը կը դառնային նոր, կը նորոգուէին ու կը ստանային նոր կեանք` շնորհիւ մեր հայրենակիցի ձեռքերու հմտութեան:

Գուցէ «կանաչ ձեռքեր» ունէր ան, ու այդ ձեռքերուն համար եւ անոնց շնորհիւ` Լիբանանի ամէնէն հեռաւոր շրջաններու լուսանկարիչները կը փութային իր մօտ` լուծելու համար իրենց խնդիրները:

Համեստ, պարզ ու լռակեաց այս մարդը միեւնոյն ժամանակ խստաբարոյ անհատականութիւն էր:

Գերմանացիներու ճշդապահութեամբ եւ հայու մաքրութեամբ օժտուած պարոն Սարգիսը, որ երկար տարիներ եղած էր այդ ոլորտի վարպետը, ժամանակ մըն ալ եղած էր «Քոտաք» նկարարտադրման ընկերութեան գլխաւոր վերակացուն ու պատասխանատուն:

Շնորհիւ իր տաղանդին` ան կարողացած էր ստեղծել մեծ շրջանակ եւ իր արհեստի ոլորտին մէջ դառնալ անմրցելի ու իսկական վարպետ մը:

Լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը 1953-ին
Նստած ձախէն աջ` Գէորգ Ահարոնեան, Լեւոն Վէքիլեան, Գրիգոր Գաուգճեան, Յակոբ Ապտալեան,
Ոտքի ձախէն աջ` պատասխանատու վարիչ` Զաքար Չորպաճեան, Ռոպէր Պետոյեան, Սարգիս Մանուկեան, Մամաս Քէհյաեան, Կարպիս Դաւիթեան, Ալպէր Էօրէճեան, Գրիգոր Պապոյեան, Նիկողոս Գալայճեան, Ճոզէֆ Ճիմպաշեան:

Այստեղ տեղին է նշել նաեւ, որ իր անհատական կեանքին մէջ պարոն Սարգիսը կարեւոր տեղ յատկացուցած էր ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին ու դարձած` եռանդուն մարզիկ եւ սիրուած ֆութպոլիստ մը, այդպիսով ալ սատարելով ազգային եւ մարզական այդ մեծ միութեան:

Լուսանկարները`
տաղանդաւոր արուեստագէտ
եւ բեմադրիչ Արա Մածունեանին:

Նախորդը

Երբ Մայրերը Մահանան

Յաջորդը

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.