Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Չինաստանի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կրնայ Իբրեւ Հիմք Ընդունուիլ, Երբ Արեւմուտքն Ու Քիեւը Ատոր Պատրաստ Ըլլան»

March 23, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի խաղաղութեան ծրագիրը կրնայ լուծման համար իբրեւ հիմք ընդունուիլ, «երբ ատոր պատրաստ ըլլան Արեւմուտքն ու Քիեւը»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը` երեքշաբթի օր Չինաստանի նախագահին հետ բանակցութիւններուն յաջորդած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Նշենք, որ Չինաստանի նախագահը երէկ աւարտած է Մոսկուա իր եռօրեայ այցելութիւնը եւ վերադարձաւ Փեքին:

Չինաստանի նախագահը անգամ մը եւս կրկնած է, որ Փեքին կ՛առաջնորդուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներով եւ անաչառ դիրքորոշում ունի ուքրանական ճգնաժամին նկատմամբ, հանդէս կու գայ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան օգտին:

Շի Ճինփինկի համար ասիկա Չինաստանի նախագահ վերընտրուելէն ետք արտասահման առաջին այցելութիւնն էր, իսկ Ռուսիոյ նախագահին համար 17 մարտին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ զինք ձերբակալելու հրամանագիրի հրապարակումէն ետք օտարերկրեայ ղեկավարի հետ առաջին հանդիպումը:

Ճինփինկ այցելութեան ընթացքին Փութինը հրաւիրած է այցելելու Չինաստան` «այս տարի իրեն յարմար պահուն»: «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հրաւէրը կոչած է Ռուսիոյ «աջակցութեան ցուցադրութիւն»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի նախագահը, եռօրեայ պետական այցելութեան աւարտին, հրաժեշտ տալով Ռուսիոյ նախագահին ուշագրաւ յայտարարութիւն կատարած է:

Փութին դուրս եկած է Քրեմլինի մեծ պալատի շքամուտքին մօտ` Շի Ճինփինկը ճանապարհելու: Դրան մօտ երկու ղեկավարները կանգ առած են հրաժեշտի խօսքեր փոխանակելու համար:

«Ճիշդ հիմա տեղի կ՛ունենան փոփոխութիւններ, որոնք հարիւր տարի չէին եղած, եւ մենք միասին կ՛առաջնորդենք այդ փոփոխութիւնները», ըսած է Չինաստանի ղեկավարը երկար ձեռքսեղմումի ժամանակ: «Համաձայն եմ», պատասխանած է Ռուսիոյ ղեկավարը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մարիսթ-«Էն.Էս. Էյ.» 21-րդ Հանգրուանի Բացման Մրցումը

Յաջորդը

Ռիապքով. «Կը Զգուշացնենք Ուաշինկթընը Մոսկուայի Համբերութիւնը Փորձելէ. Ռուսիոյ Անվտանգութիւնը Պիտի Երաշխաւորուի Գոյութիւն Ունեցող Բոլոր Միջոցներով»

RelatedPosts

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան  Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական  Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան
Միջազգային

Այզենքոթ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան 4 Սկզբունքներ Կը Ճշդէ. Արաբական Կուսակցութիւնները Առաջին Ընդառաջողները Դարձան

November 2, 2026
Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ  Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով
Միջազգային

Թուսք Ռուսիան Կը Մեղադրէ Իր Հակառակորդներուն Աջակցելու Յանցանքով

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.