«Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքներուն մէջ գործող հայկական անօրինական ուժերու համար նախատեսուած զինուորական բեռներու բազմիցս արձանագրուած տեղափոխումները, ինչպէս նաեւ անձնակազմի հերթափոխումը անթոյլատրելի են», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու հրամանատարութեան հետ խորհրդակցութեան ժամանակ յայտարարած է այդ երկրի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով:
Դիմելով իր ենթականերուն` Հասանով յատուկ ընդգծած է, որ «հակառակորդի, ներառեալ հայկական անօրինական զինեալ կազմաւորումներու մշտադիտարկումը պէտք է շարունակուի»:
«Ազրպէյճանի բանակը պէտք է կանխարգելիչ քայլերու ձեռնարկէ շրջանին մէջ կացութիւնը արհեստականօրէն սրել փորձող Հայաստանէն եկող հաւանական սպառնալիքներու դէմ, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ դիմէ համարժէք պատասխան քայլերու», յայտարարած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը` ընդգծելով նաեւ, թէ «ազրպէյճանական բանակը պիտի ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ վճռական գործողութիւններուն` որեւէ սադրանք կանխարգիլելու համար»:


