ԻՐԱՔԵԱՆ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ հասնելով Լիբանան հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի պատկան պատասխանատուներու հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց Լիբանանի մէջ իրաքցի ուսանողներու հետ վերջերս պատահած անբաղձալի միջադէպը, երբ ուսանողները լիբանանցիներու կողմէ «բիրտ» վերաբերմունքի ենթարկուած էին կրթական նախարարութեան մէջ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Շարպել Մասաատ երէկ ուշագրաւ քայլով մը «ներխուժեց» հարաւի «Պի.Էլ.Սի.» դրամատունը` պահանջելով իր եղբօրը պահ դրած գումարին հատուցոմը: Քանի մը ժամ դրամատան մէջ «բանակցելէ» ետք, երեսփոխան Մասաատ մեկնեցաւ երկուշաբթի վերադառնալու եւ դրամատան խոստացած գումարը ստանալու համար:
ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ծագեցան թէ արդեօք Մեթնի Ժտէյտէ շրջանի քաղաքաետութիւնը լուծարքի՞ կ՛ենթարկուի: Լիբանանեան «Լեպանոն ֆայլզ» լրատուական կայքը, որ հաղորդեց լուրը յայտնեց, որ քաղաքապետական խորհուրդի 21 անդամներուն մեծ մասը հրաժարած է: Ըստ նոյն աղբիւրին, հրաժարողներու թիւը մօտերս կրնայ հասնիլ 11-ի:
ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դատական պատկան մարմիններ լիբանանեան առնչակից կողմերուն յղած են նամակ մը` պահանջելով հարցաքննութեան ենթարկել 40 տարի առաջ Պէյրութի մէջ ֆրանսական ուժերու մօտ պատահած պայթումին յանցագործները: Ծանօթ է, որ 1983-ին ամերիկացի նաւազներու եւ ֆրանսական ուժերու դէմ կատարուած յարձակումները խլած էին հարիւրաւոր ամերիկացի եւ ֆրանսացի զինուորներու կեանքը: 1990-ական թուականներուն ամերիկեան պատկան կողմեր եւս նման պահանջ ներկայացուցած էին, սակայն լիբանանեան կողմը անտեսած էր պահանջը` հարցին ժամանակավրէպ ըլլալուն պատճառով:
ՈՒԺԳԻՆ հրդեհ մը ծագեցաւ երէկ` ուրբաթ, 10 մարտին Պէյրութի Զոքաք Պլաթ շրջանին մէջ գտնուող «Սնաք Համմուտի» ճաշարանին մէջ` վտանգելով մերձակայ շէնքերը: Շնորհիւ անմիջական միջամտութեան կարելի եղած է մարել հրդեհը, որ մարդկային կորուստ չէ պատճառած:


