Փորթուգալցի 38 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կազմը` Նասըր, որ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն հիւրը եղաւ Իթթիհատին, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պրազիլցի յառաջապահ Ռոմարինիօ` 80-րդ վայրկեանին:
Ռոնալտօ, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, չյաջողեցաւ կոլ նշանակել:
Այս պարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Նասըր պարագլուխի դիրքը զիջի նոյնինքն Իթթիհատին (47 կէտ)` անկէ կէտով մը ետ մնալով:


