26 մարտին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 26-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին տեղի պիտի ունենայ «Քլասիքօ»-ի մրցումը` Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ, «Քամփ Նու» մարզադաշտին վրայ, որ կրնայ հիւրընկալել 99.354 հանդիսատես:
Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթին համաձայն, այս մրցումի տոմսերուն հրապարակ իջնելէն նուազ քան մէկ ժամ առաջ անոնց վաճառքը արդէն իսկ սպառած էր:
Ակումբի անդամ եղող անձերու տոմսերուն ապահովումէն կարճ ատեն մը ետք արդէն իսկ մնացած էին մատի վրայ համրուող միայն պատուոյ թրիպիւնի տոմսեր:


