Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 10 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը հիւրը պիտի ըլլայ Տինամոյին:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի պիտի ունենայ մրցակիցի մարզադաշտին` «Ռոքլենտ-Արենա»-ի մէջ (օդակայանի ճամբուն վրայ):
Նախքան այս մրցումը, տեղի պիտի ունենայ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-Լիտըրզ հանդիպումը` յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին:
Նշենք, որ 16 յաղթանակ արձանագրած եւ պարտութիւն մը միայն կրած Տինամօ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 13 պարտութիւն` 10-րդ դիրքը:
Սակայն հակառակ այս իրողութեան, եթէ ՀՄԸՄ յաջողի լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկել, կրնայ պատճառ դառնալ, որ Տինամօ կրէ տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը:


