Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն Գաբրիէլ Սարգսեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ Ջերկուս Փեչաքի դէմ (Սլովաքիա), անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 37-րդ շարժումին:
Սարգսեանի նման 4,5 կէտ ունեցան նաեւ Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան:
Անոնք երեքը այժմ կէսական կէտով ետ կը մնան երկու յառաջատարներէն:
Իսկ 4-ական կէտ ապահոված են Մամիկոն Ղարիբեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Էմին Օհանեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան:


