Սպանական Մալակա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած արագ ճատրակի «Պենալմատենա չես Ֆեսթիվալ-Ռափիտ» միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեանի յաղթանակով:
Հայրենի կրանտմասթըրը առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով լրացուցիչ ցուցանիշով գրաւեց առաջին դիրքը:
Նոյնքան կէտ ապահովեց նաեւ պուլկարացի Իվան Չեպարինով:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 82 ճատրակ խաղացողներ:


