Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոել լը Կրայէ պաշտօնապէս ներկայացուց իր հրաժարականը, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
81 տարեկան նախագահը իր հրաժարականը ներկայացուց ֆետերասիոնի արտակարգ ժողովին ընթացքին:
Ֆետերասիոնին գործադիր յանձնախումբը ընդունեց անոր հրաժարականը:
Լը Կրայէ, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2011-էն ի վեր, այս տարեսկիզբին խիստ քննադատութեան արժանացաւ` Զինետտին Զիտանի հասցէին իր կատարած յայտարարութեան համար:
Ատկէ բացի, ֆետերասիոնին նախկին աշխատակիցները զինք մեղադրեցին անպարկեշտ վերաբերմունքի համար:


