Գերմանական Տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Մարսել Ֆրացշեր յայտարարած է, որ Գերմանիան անցեալ տարի 100 միլիառ եւրօ կորսնցուցած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական յարձակումի հետեւանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռայնիշը Փոսթ»-ը:
Ֆրացշեր կը պնդէ, որ Ուքրանիոյ տագնապն ու ատոր առնչուած ելեկտրականութեան ծախսերու աճը անցեալ տարի Գերմանիոյ արժած են տնտեսութեան արտադրողականութեան գրեթէ 2,5 առ հարիւրը, ինչ որ հաւասար է 100 միլիառ եւրոյի:
«Այդ ծախսերը պիտի շարունակեն յառաջիկայ տարիներուն աճիլ», նախատեսած է Ֆրացշեր` աւելցնելով, որ յատկապէս Գերմանիան վնասուած է ճգնաժամէն, «որովհետեւ անիկա աւելի շատ կախեալ եղած է ռուսական ուժանիւթէն, ինչպէս նաեւ ունի արդիւնաբերութեան բարձր տեսակարար կշիռ եւ չափազանց կախեալ է արտածումէն եւ համաշխարհային մատակարարման շղթայէն»:


