Աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 27 փետրուարին Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը կը կատարէ իր վերջին մրցումը, երբ առաւօտեան ժամը 8-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), հիւրը կ՛ըլլայ Նոր Զելանտայի, անոր դաշտին` «Ուիլինկթըն»-ի մէջ:
Յաղթանակի մը պարագային, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Լիբանան, որ այժմ ունի 16 կէտ, պիտի յաջողի առանձնանալ պարագլուխի դիրքին վրայ: Նոր Զելանտա (2-րդ) ունի նոյնքան կէտ, մինչ Ֆիլիփեան կղզիներ (3-րդ)` 15 կէտ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի կազմը, որ կատարեց զտումի իր նախավերջին մրցումը, կրեց 107-96 արդիւնքով պարտութիւն մը Ֆիլիփեան կղզիներէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր 23 հազար հանդիսատես:
Այս մրցումին Լիբանանէն կը բացակայէին Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Քարիմ Ազզէտտին, Էլի Շամուն եւ Եուսեֆ Խայեաթ:
Լիբանանի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ամիր Սէուտ (27), ապա` Հայկ Կէօքճեան (21 կէտ):


