«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլ
Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները երէկ հետեւեցան լրագրութեան ժանրերէն ամէնէն հիմնականը նկատուող թղթակցութեան ժանրին:
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան Ապագայ լրագրողներուն ներկայացուց այս նիւթը` մանրամասնութիւններ փոխանցելով անոնց:
Ն. Բարսեղեան նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ թղթակիցին պատշաճութեան, ներկայացուցած կառոյցին հանդէպ յարգանք պարտադրելու վարուելակերպին եւ որեւէ ձեռնարկի պատրաստուած երթալու կարեւորութեան վրայ:
Ապա ան` իր անձնական փորձառութեան եւ լրագրութեան ու թղթակցութիւնը կատարելու եղանակներուն արձանագրած հոլովոյթին ընդմէջէն Ապագայ լրագրողներուն սորվեցուց թղթակցութիւնը կատարելու թեքնիքները, եւ անոնց յանձնեց ամբողջական, յաջող, ձեռնարկի մը ընթացքին տիրող մթնոլորտը հարազատութեամբ փոխանցելու բոլոր բանալիները:
Պատասխանատու խմբագիրը անդրադարձաւ նաեւ որոշ նրբութիւններու, որոնք կը վերաբերին թղթակցութիւնը պատրաստելու ուղղութիւններուն եւ ձեւերուն:
Ապագայ լրագրողները երէկուան հանդիպումին ընթացքին կարդացին նաեւ տարբեր տեսակի թղթակցութիւններու օրինակներ, իրենց հարցումներով աւելի եւս խորացան թղթակցութիւն մը պատրաստելու աշխատանքի ծալքերուն մէջ եւ դասընթացքը դարձուցին ներգործօն:
Հանդիպումին աւարտին Ն. Բարսեղեան անդրադարձաւ նաեւ յօդուածագրութեան որոշ ժանրերուն` քաջալերելով Ապագայ լրագրողները, որ քաջաբար ըսեն իրենց կեցուածքն ու տեսակէտները, անվախ ըլլան հայերէնով արտայայտելու իրենց միտքերը` ընդգծելով, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը միշտ ալ իր նեցուկը պիտի տրամադրէ անոնց` ուղղելու, սրբագրելու եւ անոնց գրելու հմտութիւնները կատարելագործելու ուղղութեամբ:


