Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով Ու Վերընթերցելով Թումանեանի «Գիքորը»

March 15, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ  ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հայ մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն աւելի սիրուած, ամէնէն աւելի կարդացուած, բազմիցս հրատարակուած գլուխ-գործոցներէն մին է Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը»:

Գրեթէ ամէն հայ պատանի կը ճանչնայ կարճաշունչ եւ յուզիչ այս պատմուածքը, որ առանձնատիպ պրակներու ձեւով հրատարակուելէ զատ, վերածուած է նաեւ շարժանկարի, բեմականացուած է իբրեւ թատերախաղ: Աւելի փոքրահասակներ պարզապէս ունկնդրած են զայն իրենց մօրմէն կամ մեծ մօրմէն, մահճակալին մէջ ընկողմանած, իբրեւ գիշերային քնաբեր ընթերցում… Անոնց ականջներուն մէջ երկար ատեն զնգացեր է հէք Գիքորին «էստի համեցէ՜ք, էստի համեցէ՜ք» բացագանչութիւնը: Կարելի է անվարան յայտնել, թէ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր «Գիքորը» դարձեր է հայ փոքրիկին կամ պատանիին խղճմտանքի աւետարանը, գութի, մարդասիրութեան ու բարիի պաշտամունքին ուղեցոյցը:

Հազիւ տասը տարեկան էինք, նախակրթարանի աշակերտ, երբ հայերէնաւանդ մեր ուսուցչուհին օր մը դասարանին մէջ կարդաց մեզի «Գիքորը»: Յստակ կը յիշեմ, որ ընթերցումի պահուն մեր ուսուցչուհիին ձայնը մերթ ընդ մերթ կը նուաղէր, հետզհետէ կոկորդը կը սեղմուէր կարծէք… Ի վերջոյ ան փղձկեցաւ` տաք արցունքներ հոսեցնելով, նաեւ յուզելով ամբողջ դասարանը, խռովելով մեր մատղաշ ու դեռափթիթ սիրտը…

Թումանեանի Երեւան տպուած երկերու երկհատոր հրատարակութեան մէջ (1958) «Գիքորը» տեղ գտած է պատմուածքներու գլուխին տակ, 18 էջերու երկայնքին: Կը նշուի, որ անիկա հեղինակին կողմէ գրի առնուած է 1895-ին: 117 տարուան անցեալ մը, ուրեմն, երբ Թումանեան 26 տարեկան էր տակաւին: Կասկած չկայ, որ այդ թուականէն ասդին, այս սրտախօսիկ պատմուածքը ունեցեր է բազմաթիւ հրատարակութիւններ, մանաւանդ` Խորհրդային Հայաստանի մէջ, ուր Յովհաննէս Թումանեան ու իր գրականութիւնը ի պատուի եղած են տեւաբար:

Օրինակ, ձեռքի տակ ունինք «Գիքորը»-ի թիֆլիսեան հրատարակութիւն մը (1909, տպ. Ն. Աղանեանցի), որուն սեւ-ճերմակ ու գունաւոր գծանկարները կը պատկանին «ՌՕՏՏԵՐ.» ստորագրութեամբ մեզի անծանօթ արուեստագէտի մը վրձինին:

Առանձնատիպ այլ պրակ մը, «Հայպետհրատ»-ի տպագրութիւն, լոյս ընծայուած է Երեւան, 1955-ին, վաստակաւոր նկարիչ Միհրան Սոսոյեանի (1928-1992) սեւ-ճերմակ նկարազարդումով եւ տասը հազար տպաքանակով:

Սփիւռքեան ճակատի վրայ եւս «Գիքորը» մի՛շտ քաջալերական ընդունելութիւն գտած է, ամէն անգամ որ հրատարակուած է սա կամ նա գաղութին մէջ (Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ եւ այլուր): Այս պարագային, հրատարակութիւնները եղած են երկու ձեւի` արեւելահայերէն բնագրով կամ արեւմտահայերէնի վերածումով:

Թերեւս սխալած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ «Գիքորը»-ի սփիւռքեան երեւումներուն մէջ ամէնէն աչքառուն կամ տարածունը եղեր է Փարիզի «Էրեբունի» հրատարակչութեան տպօրինակը, լոյս ընծայուած` 1970-ին, հաւանաբար Թումանեանի ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Բնագիրը փոխակերպուած է արեւմտահայերէնի ու այդ ձեւով վերապատմուած` պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունիի (Արթօ Ճիւմպիւշեան) կողմէ: 32 էջանի այս պրակին մէջ օգտագործուած են հայրենի անուանի նկարիչ Գրիգոր Խանջեանէն (1926-2000) սեւ-ճերմակ գծապատկերներ:

Կը կարծենք, որ «Գիքորը» օտարալեզու հրատարակութիւններ ալ ունեցած ըլլայ` թէ՛ հայ գրականութեան վրայ պատուհան մը բանալու միտումով, թէ՛ ալ աշխարհացրիւ օտարաբարբառ հայ երեխաներուն հասանելի դառնալու նպատակով: Այս ծիրին մէջ, գէթ ձեռքի տակ ունինք արաբերէն առանձնատիպ հրատարակութիւն մը` իրագործուած Հալէպի մէջ, 1976-ին, սուրիացի վաստակաւոր թարգմանիչ Նիզար Խալիլիի թարգմանութեամբ:

* * *

Վերջերս հրապարակի վրայ երեւցաւ «Գիքորը»-ի նորագոյն հրատարակութիւն մըն ալ:

Վայրը` Հալէպ, նախաձեռնութիւն` «Կիլիկիա» հրատարակչատան:

Խանդավառութեամբ ողջունեցինք այս նորատարազ ու արդիաշունչ հրատարակութիւնը, որ պատուաբեր տեղ մը պիտի գրաւէ, անկասկած, հայերէն մանկապատանեկան գիրքերու կամ գրքոյկներու այնքան անհրաժեշտ ու կենսական շարքին մէջ:

Այս նոր «Գիքորը» կը բաղկանայ 24 էջէ եւ ամբողջութեամբ գունաւոր է ու պատկերազարդ:

Պատկերազարդումը բոլորովին նոր է եւ իրագործուած է յա՛տկապէս այս հրատարակութեան համար, հալէպաբնակ շնորհալի նկարիչ Յակոբ Տոլմաճեանի վրձինով: Խօսուն, գրաւիչ, վառ գոյներով եւ ակնահաճոյ պատկերներ են ասոնք: Անմիջապէս յիշեցնենք, թէ Յ. Տոլմաճեան առաջին անգամ չէ, որ իր կնիքը կը դնէ մանկական հրատարակութիւններու վրայ: Նոյն «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէ 2009-ին լոյս ընծայուած Թումանեանի հեքիաթներուն ծաւալուն մէկ ժողովածուն ամբողջովին նկարազարդուած էր արդէն Տոլմաճեանի կողմէ, որ հաստատօրէն տէրն է ինքնայատուկ սիրուն ոճի մը:

Ինչ կը վերաբերի բնագրին, անիկա Զ. Խրախունիի արեւմտահայերէն այն նոյն վերապատմումն է, որ 1970-ին լոյս ընծայուած էր Փարիզի մէջ:

Արեւմտահայերէն այս տարբերակը թէ՛ աւելի հասանելի ու ընկալելի է սփիւռքահայ երեխաներուն համար, թէ՛ ալ, խոստովանինք, կը մաքրաջրէ Թումանեանի բնագիրը օտարոտի կամ ոչ հայաշունչ բառերէ, որոնք կը վխտան էջերու երկայնքին: Տանք քանի մը օրինակներ` բաղդատութիւնը ձգելով ընթերցողին.

– Արեւելահայերէն բնագիրը`

Առաջին իրիկունը ղոնախ ընկան մի գիւղում: Տանտէրը Համբոյի հին ծանօթն էր:

Դեղին սամովարը թշշում էր տախտի ծէրին: Մի ջահել աղջիկ շըրխկ-շըրխկացնելով բաժակները լուանում ու թէյ էր շինում: Նա մի կարմիր սիրուն շոր ունէր հագին:

Արեւմտահայերէնով`

Առաջին իրիկունը հիւր եղան գիւղի մը մէջ: Տանտէրը Համբոյին հին ծանօթներէն էր:

Դեղին սամավարը կը ֆշար սեղանին ծայրը: Պզտիկ աղջիկ մը բաժակները կը լուար եւ թէյ կը պատրաստէր: Կարմիր, սիրուն հագուստ մը հագած էր:

– Արեւելահայերէն բնագիրը`

Տեսան տանը չի կարողանում ծառայի` խանութ տարան Գիքորին: Էնտեղ ապրանք պէտք է տային մուշտարիների հետ տանելու, չիթ պէտք է ծալէր, խանութը սրբէր, իսկ պարապ ժամանակը մուշտարի կանչէր:

Արեւմտահայերէնով`

Երբ տեսան, թէ տան մէջ չի կրնար ծառայութիւն ընել, Գիքորը խանութ ղրկեցին: Այնտեղ` յաճախորդներու գնած ապրանքները կը տանէր, կտաւ կը ծալէր, խանութը կը սրբէր, իսկ երբ պարապ մնար, յաճախորդ կը կանչէր:

– Արեւելահայերէն բնագիրը`

Իրիկունը Գիքորը կուչ էր եկել խոհանոցում: Դեռ արտասուքը չէր ցամաքել նրա երեսին, դեռ այրւում էին խազէինի ապտակների տեղերը, դեռ նոր էր լռել աղջիկ պարոնի ձէնը- շվշվացնելով ներս մտաւ Վասոն, բազազի աշկերտը: Գիքորին նկատելով` նա իսկոյն կանգ առաւ ու մասխարա դէմքին լրջութիւն տալով սպառնալի հարցրեց.

– Կլուբումն ուշացա՞ր, տօ արջի քոթոթ, թէ գուբերնատի մօտ վռազ գործ ունէիր…

Արեւմտահայերէնով`

Իրիկունը Գիքոր կծկուեր էր խոհանոցին մէջ: Տակաւին չէին չորցեր արցունքները երեսին վրայ, տակաւին կ՛այրէին վարպետին զարկած ապտակներուն տեղերը, դեռ հազիւ դադրեր էր տիկինին պոռչտուքը, երբ սուլելով ներս մտաւ Վասօ, պօզազին աշկերտը: Գիքորը տեսնելով` կեցաւ անմիջապէս եւ ծաղրածու դէմքին լրջութիւն մը տալով` հարցուց սպառնական.

– Ակո՞ւմբ գացած էիր, ծօ՛, արջու ձագ, թէ՞ դրամատունը գործ ունէիր…

Ինչպէս կը տեսնուի պատահաբար քաղուած վերի օրինակներէն, վճիտ ու ջինջ արեւմտահայերէնով «Գիքոր» մը կայ մեր դիմաց:

Հրատարակիչ, նկարիչ ու վերապատմող երրեակը գլուխ հաներ է սքանչելի գործ մը:

Հիմա հերթը միւսներուն է` մանկապարտէզներ, դպրոցներ ու մա՛նաւանդ հայ տուներ, ուր շուտ-շուտ հասակ կ՛առնեն մեր երեխաները…

 

Հալէպ

Նախորդը

Փորի Պնդութիւն

Յաջորդը

«Աչքեր Ունին` Չեն Տեսներ, Ականջ Ունին` Չեն Լսեր»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.