Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ աշխատանք կը տարուի Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ ժողով մը կազմակերպելու:
«Իրան փափաք յայտնեց այդ բանակցութիւններուն միանալու` յարգելով մէկ կողմէ Թեհրանը Դամասկոսին, միւս կողմէ Անգարային կապող յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի շրջանային դերակատարութիւնն ու մասնակցութիւնը Ասթանայի բանակցութիւններուն, որոնք կը մնան Սուրիոյ մէջ լուծումին միջազգային օժանդակութեան ազդու միակ գործիքը, եւ զօրակցեցանք այդ առաջարկին: Կարեւորը այն է, որ առնչակից երկու կողմերը` սուրիականն ու թրքականը ատոր համաձայն գտնուեցան», ըսաւ Պոկտանով:
«Ներկայիս աշխատանք կը տարուի արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ այս ժողովին պատրաստելու տարազ մը, ուր ունինք միացեալ նպատակ մը, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան կարգաւորումն ու Միջին Արեւելքի կացութեան կայունութիւնն է», նշեց ան:
«Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ տարակարծութիւնները կարելի է շրջանցել, եւ պիտի շարունակենք երկու կողմերուն օգնել երկու երկիրներուն մէջ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ թուրք-սուրիական աւանդական բարի դրացիական յարաբերութիւններուն վերականգնման ընդունելի լուծումներ գտնելու», ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:


