Թուրքիոյ Արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ի մօտ Ալեքսանտրէթի շրջանը հարուածած է 5 ռիխթըր աստիճանով երկրաշարժ մը:
Իր կարգին, Սուրիոյ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկրաշարժին տեղի ունենալուն ժամանակ զայն զգացած են Հալէպի, Հոմսի եւ Թարթուսի մէջ:


