Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը երէկ Թուրքիա իր այցելութեան ծիրին մէջ հասաւ Պոլիս: Քաթարի արքունիքը յայտնեց. «Թամիմ իշխանը անժամանակ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ հասաւ Պոլիս»:
Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հրապարակեց Քաթարի իշխանին ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը` նշելով, որ այցելութիւնը «հարիւր տարուան ընթացքին հզօրագոյնը» եղող երկրաշարժէն ետք տեղի կ՛ունենայ:
Քաթարի իշխանը առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ երկրաշարժէն ետք կ՛այցելէ Թուրքիա:
Ան վստահեցուց, որ պիտի մասնակցի այս աղէտի հետեւանքներու ազդեցութիւնը նուազեցնելու ջանքերուն:
Նախքան այդ, Քաթարեան կարմիր մահիկը յայտարարած էր, որ աշխատանք կը տանի 10 միլիոն տոլար հաւաքելու` ընդառաջելու համար Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն վնասուածներու կարիքներուն:
ՄԱԿ-ը երկրաշարժը նկատեց մէկ դարի ընթացքին յոռեգոյնը, իսկ Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը նշեց, որ երկրաշարժի ուժը համազօր էր 500 հիւլէական ռումբերու պայթումին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 29.605-ի, իսկ վիրաւորներունը` 93.000-ի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Մարթին Կրիֆիթ զգուշացուց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն թիւը պիտի կրկնապատկուի, եւ զոհերու թիւի հաշուարկը տակաւին իրողապէս չէ սկսած:


