Տինամօ–Ռիատի Պէյրութ` 87-79
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հուփս, որ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութը, արձանագրեց 88-56 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-15, 24-15, 21-12 եւ 21-14):
Նախքան մրցումը սկսիլը, Հուփս արձանագրած էր յաղթանակ եւ կրած 10 պարտութիւն, մինչ ՀՄԸՄ` 3 յաղթանակ եւ կրած 12 պարտութիւն:
Հուփսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեցին Ժուլիըն Սքոթ Ուիլիըմս (18 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Ճօ Զալլում (12 կէտ եւ 10 էսիսթ):
Իսկ անոնց խմբակից Ապտել Ռահման Սապպաղ նշանակեց 17 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Ճոշուա Քալտուել (17 կէտ), ապա` Թուֆիք Սաքըր (11), մինչ ՀՄԸՄ-ի երկրորդ օտարականը` Կոլտըն Էշֆորտ, նշանակեց 9 կէտ:
Հիւրընկալ կազմը աւելի տիրապետեց թրի փոյնթերուն (12), մինչ ՀՄԸՄ նշանակեց երեք թրի փոյնթ:
Այս հանգրուանի ծիրին մէջ, Անդրանիկ Պէյրութ 93-87 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պիպլոսին, մինչ Պէյրութ` Աթլասին (95-76):
Անդրանիկէն 33 կէտ նշանակեց Ճորտըն Ճեքսըն, մինչ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Վիքթոր Պերմուտեզ (28):
Ինչ կը վերաբերի շաբթուան գագաթի ճակատումին, Ռիատի Պէյրութ, որ «Ռոքլենտ Արենա» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Տինամոյին, անկէ կրեց 87-79 արդիւնքով պարտութիւն մը (20-24, 26-14, 19-19 եւ 22-22):
Հիւրընկալ կազմը մրցումին մեծ մասը շարունակեց մէկ օտարականով` նկատի ունենալով, որ Զեք Լոֆթըն իր կատարած ֆաուլերուն պատճառով (թեքնիքըլ եւ անսփորցմեն) մրցումը չկրցաւ շարունակել` անոր մեկնարկին տրուելէն 7 վայրկեան եւ 26 երկվայրկեան ետք:
Սակայն անոր խմբակից Իպրահիմա Թոմաս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը եւ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց` նշանակելով 33 կէտ եւ 15 ռիպաունտ (ներառեալ` 6 թրի փոյնթ):
Իսկ 5-ական թրի փոյնթ նշանակեցին Ժատ Խալիլ (Տինամօ, 20 կէտ) եւ Ուաէլ Արաքժի (Ռիատի, 26 կէտ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Տինամօ պահեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
16-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր` երկուշաբթի, 13 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 16:45-ին, երբ Ղազիր իր դաշտին վրայ, Սաժես Պէյրութ կը հիւրընկալէ «ԷՆ. ԷՍ. ԷՅ.»-ը:


