Հայաստանի 2023 տարուան աղջկանց ճատրակի ախոյեան Մարիա Գէորգեան յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան` անձնական պատճառներով:
Եւրոպայի աղջկանց 23-րդ անհատական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18-29 մարտին, Մոնթենեկրոյի Փեթրովաց քաղաքին մէջ:
Նշենք, որ նախորդ յունուարին Մարիա Գէորգեան հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ:
Հայաստանէն Եւրոպայի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան մասնակցելու համար առաջարկ ներկայացուցած են Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան:


